Տեառնընդառաջ` Տիրոջ ընդառաջ երթալու կոչ, լոյսը տանինք մեր տուները

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ

«Այժմ, Ո՜վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ` ձգէ՛,
որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի»: (Ղկ 2:29)

Վերոյիշեալ մարգարէաշունչ ոգիով Սիմէոն Ծերունի տաճարին մէջ դիմաւորեց ծնողքին հետ տաճար այցելող, տաճար ընծայուող Յիսուս Փրկիչը, որ աշխարհ եկաւ երկնային խաղաղութիւն պարգեւելու փոթորկայոյզ սիրտերուն: Ան եկաւ, իբրեւ փրկիչ աշխարհի: Եկաւ` երկիրը երկինքին կամրջելու եւ աստուածային լոյսով լուսաւորելու մարդոց մթագնեալ հոգիները:

Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, թէ Աստուած` իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն, Իր փառքը ձգելով երկիր իջաւ` խոնարհելու մարդոց առջեւ (Յհ 3:16): Մարդը, որ դարձած էր Աստուծոյ ստեղծագործութեան գերագոյն եւ գլուխ գործոց էակը, սայթաքած էր եւ աստուածային պատուանդանէն դուրս ելած էր: Սակայն Աստուած` տեսնելով մարդուն խեղճացած վիճակը, անգամ մը եւս Իր աստուածային ձեռքը երկարեց պաշտպանելու համար մարդ անհատը:

Քրիստոսի ծնունդը, ինչպէս աւետարանը կ’ըսէ, սիրոյ արտայայտութիւն էր: Աստուած սիրեց Իր ստեղծագործութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով Լոյսը ղրկեց, սակայն մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին, քան Լոյսը, որովհետեւ խաւարին մէջ կրնային գաղտնի արարքներ գործել: Բայց Աստուած Լոյսը ղրկեց, որպէսզի անգամ մը եւս մարդուն առիթ ընծայէ Իր աստուածային պատկերը վերագտնելու:

Սիմէոն Ծերունին Լոյսը տեսած էր իր գիրկին մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով է, որ Տիրոջմէ խնդրեց, որ իր հոգին յետ այսօրիկ կրնար առնել: Ան Լոյսը վայելած ու ճաշակած էր եւ անոր երազանքով ապրած, եւ ահաւասիկ ընծայման օրը, այդ երազանքը իրականացած եւ ճշմարտացած էր տաճարին մէջ:

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր է բոլորիս:

Տեառնընդառաջի տօնը յաւերժական Լոյսի, ճշմարիտ Լոյսի փառաբանանքի օրն է, եւ այդ փառաբանութեամբ Լոյսը կ՛ընդունինք մեր մէջ, մեր անձերը յառաջ կը տանինք դէպի Լոյսը, Որն է Քրիստոս:

Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին. «Խարոյկին հուրը բորբոքելով` Աստուծոյ սիրոյ հուրը կը խնդրենք: Հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կը մատուցէին, իսկ քրիստոնեաներս կրակը կը ծառայեցնենք Աստուծոյ»:

Իսկ Ս. Եփրեմ Խուրի Ասորին  Տեառնընդառաջին նուիրուած ճառին մէջ կը գրէ. «Ջահերն ու խարոյկները ունին հետեւեալ պատճառները: Նախ որովհետեւ հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կը մատուցէին, իսկ մենք ցոյց կու տանք կրակը իբրեւ Քրիստոսի ծառայ, որուն համար կը բերենք Աստուծոյ ծառայեցնելու: Նաեւ, վրայէն թռչելով, զայն ոտնատակ կ՛ընենք` ըսելով, թէ դուն աստուած չես, այլ Ան է Աստուած, Որ քառասուն օրական եկաւ տաճար»:

Սիրելինե՛ր, Լոյսը առնելով տանինք մեր տուները, եւ այս Լոյսը ինչ է, եթէ ոչ նոյնինքն Քրիստոս: Քրիստոսն է, զՈր պիտի տանինք մեր ընտանեկան երդիքները` մեր ներաշխարհը լուսաւորելու համար:

Այդ Լոյսը թող լուսաւորէ մեր թանձրացած միտքերը:
Այդ Լոյսը թող լուսաւորէ մեր սառած հոգիները:
Այդ Լոյսը թող լուսաւորէ մեր քարացած սիրտերը:

Պատարագի աւարտին, բոլորս միասնաբար կ՛երգենք «Մատի՛ք առ Տէր եւ առէ՛ք զԼոյս», եկէ՛ք, Լոյսին մօտենանք եւ անկէ առնենք, որպէսզի լուսաւորէ մեր կեանքը, մեր գործերը եւ մեր զաւակները: Եւ այդ Լոյսին ճամբով է, որ մեր եկեղեցին, ազգը եւ ժողովուրդը կը դառնայ հաւատքի անսպառ գանձատուն:

Սիրելի՛ հարազատներ,

Չնմանինք այն փարիսեցիներուն, որոնք ուզեցին Լոյսը խափանել: Չգործենք կեղծաւորներուն արարքները, որոնք ուզեցին Լոյսը մթագնել իրենց խաւար գործերուն համար: Չնմանինք օրէնքի ուսուցիչներուն, որոնք Լոյսը խաչ բարձրացուցին, առանց իմանալու, որ այդ Լոյսը յաւերժ լուսաւոր պիտի մնար աշխարհի երեսին: Այլ ըլլանք Լոյսի որդիներ, սիրոյ որդիներ, Լոյսը փնտռողներ, բանանք մեր հոգիները` Տիրոջ կենարար Լոյսը ընդունելու համար եւ այդ Լոյսէն կայծ մը տանք մեր սիրելիներուն, խաւարին մէջ մնացողներուն, որպէսզի վերջին դատաստանին կարենանք Լոյսին դիմաց կենալ եւ ըսել. «Փառք գալստեան քո Տէր»: Ամէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ