
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ կիրակի, 25 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Դալար Շահինեանի Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile («Անհայրենիք. աքսորեալ հայերէնի քաղաքականութիւնը») հատորին ներկայացումը։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը հատորին հեղինակն է, իսկ հեղինակը պիտի ներկայացնէ դոկտ. Շուշան Կարապետեան։
Հատորը նուիրուած է արեւմտահայ գրականութեան անցած ուղիին եւ Սփիւռքի մէջ գոյատեւելու համար անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Ձեռնարկը, որուն աւարտին ծրագրուած է հիւրասիրութիւն մը, տեղի պիտի ունենայ «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 75 E. Santa Anita Ave., Burbank, CA 91502։
Leave a Reply