ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ անկէ բխող պայմանագիրի մասին

Հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ ընթացող բանակցային գործընթացին, ուսումնասիրելով երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները, կ՛արձանագրենք.

– քննարկուող փաստաթուղթի համաձայնեցման գործընթացին մէջ, Ազրպէյճան կը ձգտի «տէ ժիւրէ» ամրագրել ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումով իր ձեռք բերածը` ցեղասպանական գործողութիւններով գործադրուած ցեղային զտման միջոցով Արցախի բռնակցումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ տարածքներու բռնագրաւման մասով` միաժամանակ պահպանելով Հայաստանէն այլ զիջումներ կորզելու հնարաւորութիւնը.

– ըստ էութեան այսպիսի փաստաթուղթով Ազրպէյճանը կը փորձէ փակել Արցախի հարցը: Աւելի՛ն, կը մեծնան սպառնալիքները Հայաստանի նկատմամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի ստանար որեւէ յաւելեալ երաշխիք` իր անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ փոխադրական ուղիներու ապաշրջափակումը ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ չեն ստեղծուիր գործօն մեքանիզմներ, որոնցմով կարելի կը դառնայ կանխել Ազրպէյճանի կողմէ հետագայ թշնամական քայլերը` ներառեալ ռազմական նախայարձակումը:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, հաշուի առնելով առկայ իրողութիւնները, ազգային-պետական շահերու պաշտպանութեան հիման վրայ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ընթանայ առնուազն հետեւեալ սկզբունքներուն համաձայն.

1.- վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով իբրեւ նախապայմաններ դիտարկել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերու դուրս բերելը, ինչպէս նաեւ բոլոր ռազմագերիներու ու պահուող անձերու վերադարձը, գոյութիւն ունեցող մարդասիրական բնոյթի խնդիրներու լուծումը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը.

2.- մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար, որպէսզի տուեալ պայմանագիրը հանդիսանայ յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջական փաստաթուղթ, անհրաժեշտ է, որ ան յարգէ կողմերու օրինական շահերը եւ ընդգրկէ լուծումներ` համաձայնեցման ենթակայ հարցերու ամբողջ փաթեթով.

3.- որեւէ համաձայնութիւն պէտք չէ վտանգէ հայ ժողովուրդի անժամանցելի եւ անօտարելի իրաւունքները: Պէտք է բացառուին կենսական զիջումները եւ կորուստները` յստակօրէն ամրագրելով մեր շահերը Հայաստանի Հանրապետութեան գործող սահմանադրաիրաւական եւ միջազգային կանոններուն ու դիւանագիտական ընդունուած ընթացակարգին համահունչ.

4.- սահմանազատման եւ սահմանագծման հիմք պէտք է հանդիսանան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ԱՊՀ անդամակցութեան պահին (24 սեպտեմբեր, 1993) գործող փաստացի սահմանները: Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը պէտք է համապատասխանեն միջազգային լաւագոյն նախընթացներուն ու կանոններուն եւ պէտք է բխին «ՄԱԿ-ի Միջազգային պայմանագրերի իրաւունքի մասին Վիեննայի հռչակագիրի (1969), «Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի» (1975) եւ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան «Պետական սահմաններու սահմանազատում եւ սահմանագծում, հրատապ հարցեր եւ լուծման ուղիներ» (2017) փաստաթուղթի հայեցակարգային կանոններէն, ներառեալ այն սկզբունքէն, որուն համաձայն առ ոչինչ է ուժի սպառնալիքի կամ զայն կիրարկելու միջոցով ձեռք բերուած որեւէ միջազգային համաձայնութիւն.

5.- փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան այլ ուղիներու ամբողջական եւ միաժամանակ ապաշրջափակում, առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակումի.

6.- մինչեւ Արցախի հարցի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու լիակատար կիրարկումը, ապահովել արցախահայերու հաւաքական, անխոչընդոտ եւ անվտանգ վերադարձը հայրենիք` հիմնուած ցեղային զտման հետեւանքով բռնաճնշումներու ենթարկուած եւ բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու լիարժէք յարգման վրայ:

Վերադարձի նախապայման պէտք է դիտարկել.

– Արցախին միջանկեալ կարգավիճակի տրամադրումը` ապահովելով արցախահայերու միջազգային կանոններով երաշխաւորուած քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները, իրենց ամբողջ ծաւալով,

– Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան գործօն երաշխիքներու ապահովումը, ներառեալ` խաղաղապահ ուժերու տեղադրումը,

– Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապի ապահովումը:

Առանց այս սկզբունքներու պահպանման ստորագրուած որեւէ փաստաթուղթ պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումին, այլ պիտի վաւերացնէ ուժի կամ ուժի սպառնալիքով հարցեր լուծելու նախադէպը:

5 փետրուար 2024

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2024
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829  

Արխիւ