ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պաքու աղուանական հին բնակավայր է, ուր հայեր բնակած են պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն:
Հայեր շրջանի բնիկներ եղած են եւ ունեցած են եկեղեցիներ ու ուխտատեղիներ:
Պաքուի կողքին, հայեր բնակած են շրջակայ շարք մը գիւղերու մէջ, որոնցմէ անուանի եղած է Բուգովնան:
Պաքուի հայութեան թիւը ստուարացած է յատկապէս ԺԹ. դարուն, գլխաւորաբար Արցախէն հոն տեղափոխուած հայերով: Հայեր կազմած են քաղաքի բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը:
* * *
Պաքու կը գտնուի Ապշերոնեան թերակղզիին հարաւը, աստիճանաբար դէպի ծովախորշ իջնող սարաւանդի վրայ:
Հին քաղաքամասը` Իչերի-շահար, նեղ փողոցներով, կ՛ընդգրկէ Գըզ-գալասի աշտարակը, Սընըղը-գալա մինարէն, Շիրվանշահերու պալատը, Պիպի Հէյպաթ եւ Ճումաա մզկիթները, բաղնիքեր եւ Մուլթանի ու Պուխարա կարաւանատուները: Պարիսպներուն մնացորդները պահպանուած ու վերականգնուած են:
Պաքու պատմութեան մէջ յիշատակուած է Ե. դարու աղբիւրներու մէջ: Քաղաքը 861-ին մտաւ Շիրվանշահերու պետութեան կազմին մէջ: Շիրվանշահերուն կեդրոնը սկիզբը Շամախին էր, բայց յետոյ Պաքուն մայրաքաղաք եղաւ:
Աղուանքի թրքացումը սկսաւ ԺԱ. դարուն եւ շարունակուեցաւ հետագայ դարերուն, բայց Ապշերոնեան թերակղզին մնաց բնիկ պարսկախօս թաթերու գլխաւոր կեդրոններէն մէկը:
Շիրվան պարսկական գրականութեան գլխաւոր կեդրոններէն էր, ուր ապրած են մշակոյթի երախտաւորներ Խագանի, Նիզամի Կանճաւի, Ֆալաքի Շիրվանի, Մուճիրէտտին Պայլագան (որուն մայրը հայուհի էր) եւ Սէյիտ Եահիա Պաքուվնի:
Պաքուի նաւահանգիստը Կասպեան ծովային առեւտուրի գլխաւոր հանգոյցներէն մէկն էր. հոնկէ քարիւղ կ՛արտահանուէր դէպի շրջակայ երկիրներ:
Սեֆեան Պարսկաստան 1540-ին գրաւեց Պաքուն: Քաղաքը քարիւղի արդիւնահանումէն ստացած եկամուտներէն տարեկան եօթը հազար թուման տուրք կը վճարէր շահի գանձարանին:
Ռուսաց Մեծն Պետրոս կայսր 1723-ին գրաւեց Պաքուն, բայց 1735-ին քաղաքը վերադարձուեցաւ Պարսկաստանին:
Նատիր շահի սպանութենէն ետք, 1747-ին, Պաքու դարձաւ խանութիւն: Անոր տիրակալները եղան Միրզա Մոհամմէտ խան Ա., Մալիք Մոհամմէտ խան, Միրզա Մոհամմէտ խան Բ., Մոհամմէտ Ղուլի խան եւ Հիւսէյն Ղուլի խան:
Ռուս-պարսկական 1804-1813-ի պատերազմին ժամանակ, ռուսեր 1806-ին գրաւեցին Պաքուն եւ ջնջեցին Խանութիւնը: Գիւլիստանի 1813-ի դաշնագիրով Պաքու Ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ:
* * *

Հայոց Արեւելից կողմանց Վաչագան Բարեպաշտ թագաւոր 500-ին Պաքուի մէջ կառուցեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Եկեղեցին կառուցուեցաւ բագիններու հին վայրին մէջ: Անցեալին հոն կը գտնուէին կրակի եւ ծովու չաստուածներուն բաժինները, զորս կործանեց Եղիշէ առաքեալ եւ անոնց տեղ Քրիստոսի խաչի նշանը կանգնեց: Այնուհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ հոն Տիրամօր նուիրուած մատուռ մը շինել տուաւ:
Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Սմբատեանց (1833-1911), որ Տաթեւի վանահայր, Նախիջեւանի եւ Երեւանի թեմերու առաջնորդական փոխանորդ, Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի վերատեսուչ եւ 1887-1895-ին ալ Շամախիի, Պաքուի ու Անդրկասպեան թեմի առաջնորդ եղած է եւ վաթսունամեայ հոգեւոր գործունէութեան զուգահեռ մեծ ներդրում ունեցած է հայագիտութեան մէջ եւ շինարարական ու վիմագրական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է, կը գրէ. «Վաչագան Բարեպաշտ թագաւորն Աղուանից յամի Տեառն 500 շինեց եկեղեցի, ըստ այսմ եւ Բագուայ հին եւ նշանաւոր եկեղեցին եւ ուխտատեղին է Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցին, որ բերդի մէջ է եւ փարոսեան աշտարակի դիմացն է»:
Պաքուի մօտ, Ապշերոնեան թերակղզիի հիւսիսային եզրին երբեմնի հայաբնակ եւ յետոյ իսլամացուած Բուգովնա գիւղն է:
Բուգովնայի մէջ կը գտնուէին Սուրբ Յովհաննէսի եւ Անդրէասի դամբարանները, որոնց վրայ հայատառ արձանագրութիւններ եղած են:
Բուգովնա գիւղէն պահպանուած են տապանաքարերու եւ խաչքարերու բեկորներ` 1251, 1351 եւ 1451 թուականներու արձանագրութիւններով, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու աւերակներ, որոնք կը վերագրուին ԺԲ.- ԺԳ. դարերուն: Բուգովնայի մէջ գտնուած է նաեւ Սուրբ Եղիա վանքը:
Երբեմնի հայաբնակ Բուգովնա հետագային պաքուցիներուն համար ամառանոց դարձաւ:
Ապշերոնեան թերակղզիին մէջ հայաբնակ գիւղեր էին նաեւ Սաբունչի, Մաշթաղա, Շաղան, Մարդաքեանդ եւ Բալախան:
Պաքուի Պիպի Հէյպաթ մզկիթի վայրին մէջ նախապէս կուսանաց վանք եղած է, ուր քառասուն հայ կոյսեր ապրած են: Վանքը ուխտատեղի եղած է:
Պիպի Հէյպաթ մզկիթը կառուցուած է ԺԳ. դարուն, Շիրվանշահ գահակալներէն Ֆարրուխզատ իպն Ահսիթանի կողմէ:
Աւանդութեան համաձայն հոն թաղուած է շիի եօթներորդ իմամ Մուսա Քազիմի դուստր Ուքէյմա խանում. դամբարանին վրայ արձանագրուած է. «Հոս թաղուած է Ուքէյմա խանում, Մոհամմէտ մարգարէի սերունդէն, վեցերորդ իմամ Ճաաֆար Սատիգի թոռնուհին, եօթներորդ իմամ Մուսա Քազիմի դուստրը, ութերորդ իմամ Ալի Ռըտայի քոյրը»: Դամբարանին վրայ կառուցուած մզկիթը բոլշեւիկներուն կողմէ 1936-ին աւերուեցաւ եւ 1990-ական տարիներուն վերակառուցուեցաւ:
Սարգիս արքեպիսկոպոս Ջալալեանց, որ 1850-ին Ապշերոնեան թերակղզի այցելած է, կը վկայէ, որ Պիպի Հէյպաթի շուրջ տակաւին կ՛երեւին աւերակ եկեղեցւոյ հետքերը. «… երեւին աւերակք տանց, ընդ որս եւ եկեղեցւոյ…»:
* * *

Շիրվանի երկրամասի եւ Ապշերոնեան թերակղզիի տեղագրութեան եւ քարտէսագրման աշխատանքներուն մասնակից Տրենիաքինի վկայութեամբ, Պաքու 1796-ի տուեալներով ունէր 580 տուն պարսիկ եւ 40 տուն հայ բնակչութիւն:
Աստրախանի մաքսատան տնօրէն Իվանով 25 յունիս 1809-ին Վրաստանի եւ Կովկասեան գիծի գլխաւոր հրամանատար զօրավար Տորմասովի ուղղուած զեկուցագիրին մէջ կը նշէր, որ Պաքու իր արուարձաններով ունի 992 ընտանիք` 5007 բնակիչներով: Բուն քաղաքին մէջ պարսիկները ունին 861 ընտանիք` 4341 հոգի. հայերը` 34 ընտանիք` 163 հոգի, հրեաները` 10 ընտանիք, 66 հոգի:
Վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի 1822 յունուարին կազմած ցուցակագրութեան համաձայն, Պաքուի մէջ հայերը ունին 49 ծուխ, մէկ եկեղեցի եւ հինգ հոգեւորական:
Նոյն ժամանակաշրջանի արխիւային մէկ այլ վաւերագիրի մը համաձայն հայերը Պաքուի մէջ ունէին 49 տուն` 277 հոգի: Անոնց երկու տունը` 13 հոգի, ազնուական դասակարգէն էին, 47 տունը, 264 հոգի` «թագաւորական հպատակք»:
Պաքուի հայերը 1832-ի տուեալներով կը հաշուէին 80 տուն` 333 հոգի:
* * *
Ռուսական կառավարութիւնը Գիւլիստանի 1813-ի դաշնագիրէն անմիջապէս ետք սեւեռուն ուշադրութիւն կեդրոնացուց Պաքուի քարիւղին վրայ:
Պաքուի քարիւղը եւ աղը 1813-էն սկսեալ կապալառութեան կը յանձնուէին, գանձարանին բերելով տարեկան 130 հազար ռուբլի եկամուտ:
Քարիւղը այդ ժամանակ կ՛օգտագործուէր լուսաւորութեան, կաշիները, անիւները իւղելու համար եւ անասունները մաշկային հիւանդութիւններէ բժշկելու նպատակով:
Քարիւղի վերամշակման առաջին փորձը կատարուեցաւ 1823-ին: Վլատիմիրի նահանգէն Դուբինին եղբայրները, որոնք կոմսուհի Պանինայի ճորտերն էին, Մուզտոքի մէջ գործարան հիմնեցին, սեւ քարիւղը սպիտակի վերածելու համար: Ստացուած կերոսինը անոնք սկսան Մոսկուա եւ Նիժնի Նովկորոտ ուղարկել:
Կառավարութիւնը 1825-ին ինք սկսաւ տնօրինել քարիւղի հանքերը, բայց չյաջողեցաւ, իսկ եկամուտը նուազեցաւ` հասնելով 76 հազար ռուբլիի:
Յաջորդ տարի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ իր մենաշնորհէն եւ քարիւղի դաշտերը վարձակալութեան տուաւ թաթարներուն: 1826-էն մինչեւ 1832 թաթարներէն ստացուած եկամուտը այնքան ողորմելի էր, որ կառավարութիւնը կրկին ձեռք առաւ քարիւղի արդիւնահանումը:
Այնուհետեւ քարիւղի հորերէն եւ աղահանքերէն տարեկան եկամուտը միջին հաշուով հարիւր հազար ռուբլի կը կազմէր:
Կառավարութիւնը 1850-ին հրաժարեցաւ արդիւնահանումէն եւ անցաւ կապալառութեան:
* * *

Ռուս գիտնական, երկրախոյզ եւ Ռուսական աշխարհագրական ընկերութեան անդամ Քուզմա Ֆետորովիչ Սփասքի-Աւթոնոմով (1807-1890), որ աշխատանքի բերումով 1847-ին Պաքու հաստատուած է, իր «Պաքու» համառօտ ուսումնասիրութեան մէջ կը գրէ, որ 7431 բնակիչ ունեցող քաղաքին մէջ հայերը 405 հոգի կը հաշուեն եւ բնիկներ են:
Սփասքի-Աւթոնոմով կը շարունակէ ըսելով. «Պաքուն կազմուած է չափազանց նեղ ու ծուռումուռ փողոցներէ, որոնցմէ հազիւ կարելի է ոտքով կամ հեծեալ անցնիլ: Հրապարակները փոքր են եւ տձեւ, շուկայի փողոցն ալ նեղ է: Բերդին ու շրջակայքին մէջ կայ 1992 տուն, 505 կրպակ, 29 փողոց, 3 հրապարակ եւ 2 կամուրջ: Ոչ մէկ գործարան կայ, առեւտրական հաստատութիւններ գոյութիւն չունին: Բոլոր տեղացի վաճառականները 294 հոգի են, որոնցմէ 75-ը` նաւատէրեր, 67-ը կը զբաղին գործարանային, 291-ը` այլ ապրանքներու առեւտուրով. քաղաքային առեւտրականներ են 28-ը, պարսկահպատակ` երկուքը»:
* * *
Պաքուի քարիւղի եւ աղի գլխաւոր կապալառուները 1850-էն ետք եղան թիֆլիսաբնակ հայ վաճառականներ Կուկուջանեան, Բաբասանեան եւ զօրավար Արշակ Տէր Ղուկասեան, տարեկան 110 հազար ռուբլի վճարելով: 1854-էն 1863 կապալառու եղաւ Արշակ Տէր Ղուկասեան` 117 հազար ռուբլիով, 1863-էն 1867` Յովհաննէս Միրզոյեան` 162 հազար ռուբլիով եւ 1867-էն 1873 նոյնպէս Միրզոյեան` 136 հազար ռուբլիով:
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն Ռուսաստանի հետ Անդրկովկասի ամբողջ առեւտուրը հայերու ձեռքերուն մէջ կը գտնուէր եւ կը կազմէր տարեկան 5 միլիոն 534 հազար 600 ռուբլի:
Զանազան կապալներով հարստացած հայ դրամատէրերը, ներդրման նոր ոլորտներ որոնելով, զարկ տուին քարիւղի արդիւնաբերութեան:
Քարիւղը հորերէն կը ստանային. այդ հորերը 25-էն 30 մեթր խորութեամբ ձագարաձեւ փոսեր էին: Քարիւղը ջուրի հետ դուրս կու գար, բայց աւելի թեթեւ ըլլալով երեսի վրայ կը նստէր: Զայն կը հաւաքէին, տիկերու մէջ կը լեցնէին եւ եզներուն լծուած սայլերով, էշերով կամ ուղտերով կը փոխադրէին:
Leave a Reply