
Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի իշխանութիւնները որոշած են քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է թրքական «OdaTV» ընդդիմադիր լրատուամիջոցը՝ վկայակոչելով իսրայէլական «Ynet» կայքին մէջ հրապարակուած Ռաֆայէլ Սատիի յօդուածը:
Յօդուածին հեղինակը անհանգստութիւն յայտնած է այդ գծով՝ նշելով, որ քաղաքային իշխանութիւններուն այդօրինակ որոշումը կրնայ դիւանագիտական մեծ աղմուղի պատճառ դառնալ նոր-նոր կարգաւորուած թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւններուն մէջ։
Ռաֆայէլ Սատին տեղեկացուցած է նաև, որ Իսրայէլի մէջ թուրքիոյ դեսպան շաքիր օզքան թորունլերը պաշտօնական նամակ գրած է Իսրայէլի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Միգի Զոհարին՝ խնդրելով օգնել յուշարձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը կանխելու հարցով: Զոհար նամակը փոխանցած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր խորհրդակցութիւններ իրականացուած են այդ թեմայով։
Սատիի կարծիքով, սակայն, այս օրերուն Հայֆա քաղաքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու հիմքին այդ քաղաքի ղեկավարութիւնը կրնայ չանսալ յուշարձանի տեղադրումը չեղարկելուն վերաբերեալ կառավարութեան պահանջներուն: Կը նշուի, որ ատիկա հաւանական է՝ հաշուի առնելով Իսրայէլի մէջ ՏԻՄ մարմիններուն ունեցած լայն ինքնավարութիւնը:
Ըստ յօդուածագիրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը տեղադրելու նախաձեռնութեան հեղինակը Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ քանի մը անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ անյաջող նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած «Մերեց» կուսակցութեան նախկին պատգամաւորներէն մէկն է:
Yerakouyn.com
Leave a Reply