«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու համար ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի խնդրենք եւ ստիպուած չենք ոեւէ մէկը տեղեակ պահելու» կ՛ըսէ Քալըն

•

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը շղթայազերծելու համար ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի խնդրենք, եւ ստիպուած չենք ոեւէ մէկը անոր ժամկէտէն տեղեակ պահելու»:

«Որեւէ պահու կրնանք այդ գործողութիւնը շղթայազերծել` հիմնուելով մեր դէմ եղած ապահովական վտանգներուն մեր գնահատման վրայ», աւելցուց Քալըն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց. «Սպասուող զինուորական գործողութեան նպատակը ահաբեկիչները հիւսիսային Սուրիայէն վտարելն է, եւ ունի քաղաքական նպատակ մը, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումն է»:

«Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ հաւատարիմ չեն», յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

https://www.aztagdaily.com/archives/553621

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ