«Ազդակ»-ի 43-րդ լսարան. «Մենք` իբրեւ պետութիւն եւ ազգ Հայկական լեռնաշխարհի հոգեւոր սեփականատէրը պէտք է նկատենք մենք մեզ եւ աշխատինք այդ գաղափարը փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն»․ Դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան

«Ազդակ»-ի 43-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին, դասախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան, նիւթ` «Հայոց պետականութիւնը` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը ներկայացուց պետականութեան եւ նոյնիսկ պետութեան բացակայութեան պետականակիր համակարգի հոլովոյթը` մեր թուականներէն առաջ հազարամեակները բաժնելով տարբեր փուլերու, կանգ առնելով միասնական պետութեան ձեւաւորման գաղափարին վրայ:

Նշելով իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնները` դոկտ. Ղազարեան լուսարձակներ կեդրոնացուց արաբական խալիֆայութեան շրջանի պետական համակարգին վրայ եւ զայն համեմատեց հիմնականօրէն բիւզանդական շրջանին հետ` ընդգծելով առաջինի պարագային պետականակիր բաղադրիչներու առաւել պահպանման երեւոյթը:

Վերլուծման ենթակայ էր Բագրատունեաց շրջանը, ուր կայ պատմագիտական տարբեր կարծիքներ թագաւորութեան, իմա` պետական համակարգի հիմնադրութեան թուականին շուրջ:

Ինչ կը վերաբրի Կիլիկիոյ շրջանին` իբրեւ հայրենիքէն դուրս հայկական պետականութեան հիմնադրավայր, դասախօսը յատուկ կերպով ընդգծեց Մլեհ իշխանին դէպի Արեւելք արեւելումը, որուն կայացման պարագային այլ ճակատագիր կ՛ունենար մեր պետականութւնը:

Հայ-թրքական հակամարտութեան գծով դոկտ. Ղազարեան օսմանեան եւ քեմալական վարչակարգերու ցեղասպանական միեւնոյն քաղաքականութեան պատմական փաստերու յիշատակումը կատարեց: Հաստատեց, որ անհրաժեշտ է աւելի ճանչնալ թշնամի պետութիւնները` ընդգծելով, որ թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ Ազրպէյճանի պարագային կարելի չէ տարանջատել պետութիւնը հասարակութենէն` ցեղասպանական արարքներու մեղադրանքները միայն պետութիւններուն վերագրելով:

Այժմէական խնդիրներուն անդրադառնալով` դոկտ.  Ղազարեան շեշտեց, որ Արցախը այն պատուարն է, որուն կորուստի պարագային թշնամին կը հասնի Երեւան: Տարածաշրջանային մակարդակով ան նկատել տուաւ, որ Մերձաւոր Արեւելքը` իբրեւ քաղաքակրթական բնօրրան, հիմնովին փոխուեցաւ քոչուոր տարրի ներխուժումէն ետք:

«Մենք` իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, հայկական լեռնաշխարհի հոգեւոր սեփականատէրը պէտք է նկատենք  մենք մեզ եւ աշխատինք այդ մեծ գաղափարը փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն, որքան ալ քաղաքական պայմանները դժուար տեսանելի դարձնեն նման հնարաւորութիւն մը», եզրափակեց դասախօսը:

Այնուհետեւ ծաւալեցաւ քննարկում հայ-թրքական խնդրին, ազգային պահանջատիրութեան հասարակական այսօրուան ենթահողին եւ արցախեան քառօրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մասին: Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի լսարանի յատուկ եութուպեան էջին վրայ:

https://www.aztagdaily.com/archives/536187 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ