Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերը պիտի որոշեն երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները:
Չաւուշօղլու նշած է, որ Թուրքիան կողմնակից է բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի հետ երկխօսութիւն կատարելուն: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թրքական «Տէյլի Սապահ»-ը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլուի համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան պիտի մասնակցին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք դիւանագիտական խորհրդաժողովին: Թուրք նախարարը յիշեցուցած է, որ Անգարան նախապէս հրաւէր ուղարկած է անոնց անունով:
Չաւուշօղլու նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւս կրնայ Անթալիա այցելել: «Մէկ օր առաջ յայտնի դարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետի` Անթալիա հաւանական այցելութեան մասին», ըսած է Չաւուշօղլու:
Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումը տեղի պիտի ունենայ 11-14 մարտին:
https://www.aztagdaily.com/archives/536126
Leave a Reply