Թրքական համալսարանը գիրքի պայմանագիրը կը խզէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրին պատճառով

Թուրքիոյ «Քոչ» համալսարանը խզած է օսմանեան պատմութեան մասին գիրքի մը պայմանագիրը՝ հեղինակին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը գործածուած ըլլալուն համար։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, կը յայտնէ խմբագիր Օնուր Ինալ:

Համալսարանը պահանջած է ջնջել կամ վերաշարադրել համապատասխան հատուածը, եւ այնուհետեւ խզած է պայմանագիրը, երբ Ինալ եւ համախմբագիր Եաւուզ Քէօսէ մերժած են:

«Հրատարակիչին յայտնեցինք, որ խնդրոյ առարկայ եզրը պարունակող նախադասութիւնը մէջբերում է մէկ այլ գործէ, եւ թարգմանութիւն մը, որ հաւատարիմ չի մնար բնագիրին, կը համարուի գրաքննութիւն: Պայմանագիրին չեղարկումը կը հակասէ ակադեմական ազատութեան եւ հրատարակչական վարքագիծին»,- կը նշեն ակադեմականները:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ