30 տարի առաջ այս օրը տեղի ունեցաւ Քարինտակի հերոսամարտը

Ուղիղ 30 տարի առաջ այս օրը տեղի ունեցաւ Քարինտակի հերոսամարտը… 1992 յունուար 26-ին գիւղի ինքնապաշտպանութիւնը կը ղեկավարէր մասնագիտութեամբ վարորդ Վաղարշակ Առուշանեանը, իսկ հակառակորդի գործողութիւնները անձամբ կը համակարգէր Ազրպէյճանի այն ժամանակուայ պաշտպանութեան նախարար Թաճճէտին Մեհթիեւը:

Մարտական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ԵՐԵՔ ԿՈՂՄէ յարձակման անցած հակառակորդը տալով 90-է աւելի զոհ, ետ շպրտուեցաւ իր դիրքեր: Հայկական կողմը տուաւ 22 զոհ, որոնց 3-ը՝ կին … գիւղը մնաց անառիկ:

Քարինտակի հերոսամարտէն մօտ 28 տարի անց՝ գիւղի պաշտպանութեան համար տեղի ունեցաւ հերթական առճակատումը: Հայկական կողմի պաշտպանութիւնը կը համակարգէին ակադեմիական որակաւորումով հրամանատարներ, իսկ թշնամական ուժերու գործողութիւնները՝ ազրպէյճանաթրքական գլխաւոր շտաբերի բարձրաստիճան պատասխանատուներ…

Բաւական անհասկնալի պայմաններու մէջ, 2020թ. նոյեմբեր 4-ին, ԵՐԵՔ ԿՈՂՄէ ամուր պաշտպանուած Քարինտակը ինկաւ…

Յ.Գ.- 30 տարի առաջ Քարինտակի համար տեղի ունեցած պաշտպանական մարտին մէջ հերոսաբար մարտիրոսուեցաւ Վաղարշակ Առուշանեանը, իսկ անկէ 28 տարի անց՝ անոր որդին՝ Մխիթար Առուշանեանը…

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ