Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ երկուշաբթի օր ծանօթացած են այսպէս կոչուած` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման հարցով աշխատանքներուն: Անոր համաձայն, արդէն յաջողութեամբ թէ՛ ինքնաշարժային, թէ՛ երկաթուղային ճամբաներ կը կառուցուին:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ալիեւ յայտարարած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար եւ ազրպէյճանական-իրանեան տնտեսական համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի համանախագահ Ռուսթամ Քասիմի հետ տեսակապով տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին:
«Մենք դրական լուրեր կը ստանանք Հայաստանէն: Հայաստանը իր կողմէ կը նախատեսէ մեկնարկ տալ այդ աշխատանքներուն: Յոյսով եմ, որ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանը նոր կարելիութիւններ պիտի բանայ ամբողջ շրջանին համար: Ի հարկէ, Իրանի այդ աշխատանքներուն մէջ ներդրումը շատ նշանակալի է», ըսած է Ալիեւ:
https://www.aztagdaily.com/archives/535866
Leave a Reply