ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՊՔԷՆ ՎԵՐՋ ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հաղորդեց, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պաշտօնագիր մը հասած է թաղային խորհուրդին։ Խնդիրը կը վերաբերի 23 մայիս 2020 թուականին եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման, երբ Մազլում Սերին անունով անձ մը կոտրած էր մուտքի դրան խաչը։

Սրբապղծութեան բնոյթով այս ոտնձգութիւնը մեծ ցաւ յառաջացուցած էր հանրային կարծիքին մօտ՝ մինչ պատկան մարմիններն ալ փութով շարժման անցած էին եւ յիշեալ անձը յանձնած՝ դատական համակարգին, որ սահմանած էր պատիժ մը։

Ուրեմն, այս բոլորէն վերջ, այժմ խնդրոյ առարկայ դարձած է համապատասխան դատավճռի վերատեսութեան ենթարկուիլը։ Արդարեւ, ենթակային մայրը դատական մարմիններուն դիմած է՝ յայտնելով, որ իր որդին մտային հիւանդութենէ կը տառապի, խնամատարութեան տակ է եւ չի կրնար պատժամիջոցի ենթարկուիլ։ Դատական մարմիններն ալ որոշած են, որ վերստին դատուի ենթական։

Հիմա արդէն բժշկական տեղեկագիր մը եւ դատավճիռ մը գոյութիւն ունի՝ ենթակայի մտային հիւանդ ըլլալուն մասին։ Այս պատճառով նախորդ դատավճիռը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի։ Նոր գործընթացին մէջ հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ստուգել, որ դէպքի պատահած թուականին ենթական մտային հիւանդ է՞ր, թէ ոչ։ Ըստ այդմ ալ պիտի արձակուի վճիռ մը՝ ըստ նոր կացութեան։ Այսինքն այս տհաճ դէպքը, դժբախտաբար, այժմ դարձեալ եկած է համայնքի օրակարգին վրայ։

Ստորեւ կը հրատարակենք Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փաստաբանին կողմէ այս նիւթին վերաբելեալ պատրաստուած տեղեկանք-հաղորդագրութեան բնագիրը, որ յանձնուած է մամլոյ նկատառման։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-01-2022-գուզկունճուքի-եկեղեցւոյ-դէպքէն-վերջ-դատավճռի-վերանայում

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ