ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման վերաբերեալ

Մոսկուայի մէջ յունուար 14–ինտեղի ունեցած է Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերդար Քըլըչի հանդիպումը։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը։

«Կառուցողական մթնոլորտի մէջ կայացած առաջին հանդիպման ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները իրենց նախնական մտքերը փոխանակած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան միջոցով կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Կողմերը համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաններու։

Երկրորդ հանդիպման ամսաթիւն ու վայրը պիտի որոշուի պատշաճ ժամկէտի մէջ՝ դիւանագիտական ուղիներով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ