Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են համագործակցութեան հարցեր

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան:

Ըստ հաղորդագրութեան, զրոյցի ընթացքին Հասանով ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ սահմանին մօտ երեք թուրք զինուորներու սպանութեան համար:

Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակած են զինուորական պատրաստութեան ոլորտին մէջ համագործակցելու նիւթին շուրջ:

https://www.aztagdaily.com/archives/534257 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ