Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը ձեռնարկած է քայլերու` Սեւան Նշանեանի հարցը լուծելու նպատակով

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեակ է պոլսահայ մտաւորական, Հայաստանի քաղաքացի Սեւան Նշանեանի շուրջ ծաւալած հոլովոյթէն եւ կը ձեռնարկէ կարելի բոլոր քայլերուն` հարցը լուծելու նպատակով: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Յունաստանի կառավարութիւնը չէ երկարաձգած Սեւան Նշանեանի` Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու հանգամանքով ձեռք բերուած կեցութեան իրաւունքի ժամկէտը, որ աւարտած է 29 դեկտեմբերին: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, Նշանեան 30 դեկտեմբերին ձերբակալուած է կեցութեան կարգավիճակի ժամկէտը լրանալու պատճառով: Նշուած է, որ Նշանեանը արտաքսելու որոշում պիտի տրուի:
Horizonweekly.ca 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ