Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդի փոխատենապետ Միշել Սթիլի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 23-ի առաւօտեան, խորհուրդը յաջորդական 4-րդ տարին ըլլալով վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։
Նիստին ներկայ էին գաւառի հայութեան ներկայացուցիչներ։
Այս տարուան բանաձեւին մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանացած էին նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ գործող Մեղրունի ընտանիքի անուան Հայագիտական ծրագիրին եւ անոր վարիչին՝ դոկտ. Հուրի Պէրպէրեանի, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանին եւ «Չեփմըն» համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւններուն կարեւոր ներդրումները։
Նշեալներուն անունով, բանաձեւը ստանձնեց Ըրվայնի համալսարանի ուսանող Քրիստափոր Խաչատուր, որ իր խօսքին մէջ ցաւ յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն 104 տարի ետք իսկ, Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ այդ պատմական իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ի գործ դրած բռնարարքները։
Yerakouyn.com
Leave a Reply