Առաւել քան կէս դարէ ի վեր, Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղին մէջ շատ իւրյատուկ աւանդոյթ մը կայ:
Ամէն Ապրիլ 24ի, գիւղի երիտասարդները ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց հաւաքած ռետինէ անուադողերը կը բարձրացնեն Ուջանի հարեւանութեամբ գտնուող լերան լանջը եւ մեծ կրակ կը վառեն: Նշենք, որ լեռը շատ լաւ կ՛երեւի Թուրքիոյ տարածքէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակին եւս աւանդոյթը պահպանուեցաւ։ Ուջանցի երիտասարդները այս ձեւով կը մասնակիցն համահայկական պահանջատիրութեան գործին:
Asbarez.com
Leave a Reply