Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ, ապրիլ 22-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ՝ Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական խումբին նախաձեռնութեամբ:
ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին յաջորդած մամուլի ասուլիսին ընթացքին ելոյթ ունեցան Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական խումբի անդամները, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, որ ներկայացուց Հայաստանի միջազգային ջանքերը ցեղասպանութեան կանխարգելման գործին մէջ:
Այնուհետեւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման բանաձեւը՝ խորհրդարանի անդամ Լուզ Ռիւասի (Luz Rivas) կողմէ: Օրէնդրական նախաձեռնութեան աջակցեցան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական բոլոր խումբերը:
Իր ելոյթին մէջ, դեսպան Բայբուրդեան ըսաւ. «Քալիֆորնիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներկայ բանաձեւին ընդունումը կը խորհրդանշէ արդարութիւնը: Անիկա զօրաւոր ուղերձ է ամբողջ աշխարհին, որ ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները այեւս երբեք պէտք չէ տեղ գտնեն ապագայի մէջ»:
Նոյն օրը, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին մէջ միաձայն ընդունուեցաւ ծերակուտական Անտրէաս Պորճէասի (Andreas Borgeas) կողմէ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման բանաձեւը: Նիստին ընթացքին հնչեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ելոյթներ:
Խորհրդարանի երկու պալատներու նիստերէն ետք՝ Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական խումբի կազմակերպմամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն մասնակցեցան Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմը (Gavin Newsom), Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի նախագահ Թոնի Աթքինսը (Toni Atkins), խորհրդարանականներ, պաշտօնական անձիք եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply