Ֆրանսայի վարչապետը Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան ձեռնարկի ընթացքին կառավարութեան անունով խօսք մը պիտի արտասանէ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող Մուրատ Փափազեան իր դիմատետրեան էջին մէջ հայ համայնքին կոչ ուղղած է` մասնակցելու 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան կապակցութեամբ կազմակերպուելիք ձեռնարկին: Ան նաեւ յայտնած է, թէ անոր պիտի մասնակցի Ֆրանսայի վարչապետը:

«24 ապրիլ 2019-ին վարչապետ Էտուարտ Ֆիլիփ ներկայ պիտի ըլլայ ու խօսք պիտի արտասանէ Ֆրանսայի կառավարութեան անունով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրուան կապակցութեամբ (…) Ապրիլ 24-ին ես այնտեղ պիտի ըլլամ: Ան այնտեղ պիտի ըլլայ, իսկ դո՞ւք», գրած է Փափազեան:

http://www.aztagdaily.com/archives/435330 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ