Թրքական մամուլը կը ցնծայ Նոթր Տամի մոխիրներուն վրայ

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը մեծ արձագանգ գտած է նաեւ թրքական մամուլին եւ ընկերային ցանցերու թուրք օգտատէրերու շրջանակին մէջ:

Թրքական հեղինակաւոր «Ենի Աքիթ» օրաթերթը Նոթր Տամի հրդեհին վերաբերեալ իր նիւթը կը սկսի այսպէս. «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզին մէջ գտնուող Նոթր Տամ տաճարին մէջ հրդեհ բռնկած է»:

Օրաթերթը կ՛ակնարկէ այն փաստին, որ վերջերս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ապրիլ 24-ը յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր: «Ենի Աքիթ» օրաթերթին, որ կը նկատուի Թուրքիոյ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներէն մէկը եւ ունի ծայրայեղ իսլամամէտ ուղղուածութիւն, յղում կատարած են բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:

Ընկերային ցանցերու թուրք օգտատէրերէն շատերը եւս բաւական ծայրայեղ կերպով արձագանգած են տաճարի հրդեհին: Ոմանք կը գրէին, թէ ատիկա պատիժ է Եւրոպային` Նոր Զելանտայի ահաբեկչութեան ու իսլամներու այլ սպանութիւններուն համարժէք պատասխան չտալնուն համար, ոմանք ալ կը յիշատակէին, որ ատիկա Ալլահի պատիժն է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դիրքորոշման` ֆրանսացիներուն կոչ ուղղելով օգնութեան համար դիմելու իրենց բարեկամ հայերուն:

http://www.aztagdaily.com/archives/435086 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ