Անգարայի մէջ հարցը փակուած է, բայց Իսթանպուլի մէջ դեռ կը սպասուի
Իսթանպուլի Քաղաքապետութեան ընտրութեան արդիւնքը տակաւին բանավէճի նիւթ է։ Մինչ Ճէ-Հէ-Փէ կը պնդէ որ անվերապահ կերպով շահած է ընտրութիւնը, Ա-Գէ-Փէ կը մերժէ ու կը պահանջէ որ Իսթանպուլի գրեթէ բոլոր գաւառակներուն մէջ քուէները վերստին համրուին։
Այս ուղղութեամբ երէկ ալ զարգացումներ արձանագրուեցան, Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդի Ա-Գէ-Փէի ներկայացուցիչ Ռէճէփ Էօզէլ յայտարարութիւններ ըրաւ ու ըսաւ որ Ա-Գէ-Փէ դիմում կատարած է որպէսզի Իսթանպուլի 32 գաւառակներէն 31ի քուէները վերստին համրուին։ Բայց այս առտու հաղորդուեցաւ որ Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդը մերժեց Ա-Գէ-Փէի այս դիմումը։
Այս առտուան այս լուրը ինչ արդիւնք պիտի տայ, դեռ յայտնի չէ, քանի որ Ա-Գէ-Փէ շարունակ կը պնդէ թէ ընտրական արդիւնքներու համրանքին մէջ եղան կազմակերպուած ապօրինութիւններ։ Ա-Գէ-Փէ երէկ նոյնիսկ այս խնդրին մէջ ալ ՖԷԹՕ-ին ոտնձգութիւնները տեսաւ։
Անգարայի մէջ հարցը փակուած է, հոն այլեւս Ճէ-Հէ-Փէցի Մանսուր Եավաշ իր «Մազպաթա´ն ստացաւ ու պաշտօնի գլուխ անցաւ, նոյնիսկ երէկ, որպէս առաջին պարտականութիւն, ան ալ օդակայան գնաց դիմաւորելու համար Մոսկուայէն վերադարձող Նախագահ Էրտողանը։
Իսկ Իսթանպուլի մէջ Էքրէմ Իմամօղլու տակաւին իր «Մազպաթա´ն չէ ստացած։ Բայց անոր ի նպաստ զարգացում կը նկատուի Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդի այս առտուան որոշումը, ըստ որու Խորհուրդը մերժած է 31 գաւառակներու մէջ կրկին քուէները համրելու դիմումը։ Այս լուրը այս առտու մեծ ուրախութեամբ ու տօնակատարութեամբ դիմաւորուեցաւ Ճէ-Հէ-Փէի շրջանակներէն ներս։
Leave a Reply