Թուրքիոյ մէջ ինչո՞ւ կը նուազի հայերու թիւը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ փաստաբաններու միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլուն Խոջալուի դէպքերու տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին հանդէս եկած է  հակահայկական ելոյթով:

«Ամէն Ապրիլ 24-ին, ժամանակակից երեւնալու համար, կ՝ըսեն «բոլորս հայ ենք» եւ կը փորձեն ստիպել արեւմտեան աշխարհին, որպէսզի ընդունի ատիկա: Ի հեճուկս ատոր՝ մենք ալ պիտի ըսենք. «բոլորս թուրք ենք»,- ըսած է Ֆէյզիօղլուն:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ այս յայտարարութեան արձագանգած է Պոլսոյ մէջ գործող «Նոր զարթօնք» հայկական նախաձեռնութեան անդամ Մուրատ Մըհչըն: Խօսելով Պոլսոյ հայ համայնքի վիճակին մասին՝ ան ըսած է. «40.000 մարդ մնացած ենք, մեծ մասը տարէց, մնացածներն ալ կամաց-կամաց կ՝երթան այս երկրէն»:

Թրքահայ համայնքի նօսրացման թեմային անդրադարձած Euronews-ի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ. «Ըստ Լոզանի պայմանագրին՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները կը ճանչցուին կրօնի տեսանկիւնէն: Այդ պատճառով ալ հայ բնակչութեան վերաբերեալ տուեալները կը ներառեն միայն քրիստոնեայ հայերը: Հայաստանէն իբրեւ զբօսաշրջիկ եկած ու անօրինական կերպով աշխատող հայերու եւ իրենց հայ համարող իսլամներու քանակին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան»:

Լրատուականը համայնքի նօսրացման թեմայով զրուցած է Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի սիւնակագիր Բագրատ Էսդուգեանի  ու «Նոր զարթօնք»ի ներկայացուցիչ Մուրատ Մըհչըի հետ:

Էսդուգեան կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու թիւին մասին արժանահաւատ տեղեկութիւններ չկան ու կ՝աւելցնէ. «Հայաստանէն իբրեւ զբօսաշրջկ այստեղ եկած ու անօրինական կերպով այստեղ աշխատողներուն թիւը կրնան գիտնալ ոստիկանութեան անձնագրային վարչութենէն: Ձեւականօրէն իսլամացած հայերուն թիւը գիտնալը անհնար է»:

https://ragmamoul.net/hy/international-news/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ