Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս բացուած է

Ապրիլ 2-26 Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքին մէջ բացուած է «Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը. առաջ եւ յետոյ» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են մինչեւ ցեղասպանութիւնը եւ անկէ ետք հայ ժողովուրդի քրիստոնէական եւ մշակութային ժառանգութեան վիճակը պատկերող հին եւ նոր լուսանկարներ:

Ցուցահանդէսը ներկայացուած է Քասթիյա լա Մանչայ մարզի Տարածաշրջանային գրադարանի Պորպոն Լորենսանա սրահին մէջ, կը փոխանցէ tert.am-ը:

«Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը. առաջ եւ յետոյ» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կազմակերպած է Սպանիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Թոլետոյի թեմի Քարիթաս կազմակերպութիւնը (Caritas Diocesana de Toledo)` Կրանատայի թեմի Քրիստոնէական Արեւելքի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնի, Հայկական ճարտարապետութիւնը  ուսումնասիրող (RAA) հիմնադրամի եւ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ:

Ցուցահանդէսը առաջին օրերուն արդէն ունեցած է մեծ թիւով այցելուներ:

http://yerakouyn.com/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ