«Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերացիա»-ի (FAON) նախաձեռնութեամբ Հոլանտայի մէջ կը կայանան Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, ապրիլ 23-ին, ժամը` 12:00-ին Հաագայի «Plein» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ցոյց-հանրահաւաք` Հոլանտայի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, որուն ընթացքին Հոլանտայի կառավարութեան կը ներկայացուի հանրագիր:
Ապրիլ 24-ին, ժամը` 12:00-ին Ասէն քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ կը կայանայ ոգեկոչման արարողութիւն, ծաղկեպսակի տեղադրում: Յիշատակի ձեռնարկը կը շարունակուի յուշակոթողին կից սրահին մէջ:
Leave a Reply