Փենթակոնը նոր խոչընդոտներ կը յարուցէ Թուրքիոյ F-35 օդանաւերու վաճառքի հարցով

Պաշտօնական Ուաշինկթընը կոշտ քայլերու կը դիմէ՝ փորձելով ստիպել Անգարային հրաժարիլ ռուսական արտադրութեան S-400 զենիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերումէն:

«Reuters» գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը դադրեցուցած է ամերիկեան նորագոյն F-35 ռազմական օդանաւերու՝ Թուրքիոյ մատակարարման գործընթացի շրջանակէն ներս յարակից սարքավորումներու առաքումը:

Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ խօսքը շարք մը կարեւոր համակարգերու մասին է, որոնց բացակայութիւնը F-35 օդանաւերու սպասարկումը Թուրքիոյ կողմէ գործնականօրէն անհնար կը դարձնէ:

Խնդրին քաջածանօթ անանուն շարք մը աղբիւրներ «Reuters»-ին փոխանցած են, որ խօսքը օդաչուներու վարժանքներուն համար նախատեսուած, այսպէս կոչուած, յատուկ նմանակներու մասին է, որոնց օգնութեամբ թուրք օդաչուները պէտք է սորվին կառավարել F-35-ները:

Նորագոյն արհեստագիտութիւններու հիման վրայ ստեղծուած առաջին երկու F-35 օդանաւերը Թուրքիոյ յանձնելու որոշումը կայացած էր դեռ նախորդ տարուան յունիսին: Այդ օդանաւերը, սակայն, այժմ կը գտնուին ԱՄՆ Արիզոնա նահանգին մէջ, ուր անոնցմով վարժանքներ կ’իրականացնեն թուրք օդաչուները:

Այս պահուն, փաստօրէն, թրքական բանակը դեռ ի վիճակի չէ ինքնուրոյնաբար շահագործել կամ տնօրինել այդ օդանաւերը:

Փենթակոնի տեղեկութիւններով՝ օդանաւերը Թուրքիա պէտք է առաքուին նոյեմբեր ամսէն ոչ շուտ:

https://massispost.com/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ