Աթաթիւրքի զօրքը կազմակերպած է 1922ի Իզմիրի հրդեհը. յոյն նախարար

great_fire_of_smyrnaՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Սփութնիք» կայքը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս յայտարարած է, թէ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող յունական Իզմիր (Զմիւռնիա) քաղաքը, 1922ին հրդեհի մատնուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի զինուորներուն կողմէ:

Խօսելով Իզմիրի յունական անցեալին մասին՝ ան նշած է, որ թուրքերը նաեւ կոտորած են Իզմիրի քրիստոնեայ բնակչութիւնը:

1922ին, Թուրքիոյ քեմալական կառավարութեան զօրքերը պարտութեան մատնեցին Փոքր Ասիոյ խորքերը թափանցած եւ հին յունական տարածքները ազատագրած յունական զօրքերը, իսկ Սեպտեմբեր 9ին ներխուժեցին Իզմիր: Կոտորածէն փրկուելու համար, հազարաւոր հայեր ապաստանեցան Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարածքը, իսկ քանի մը օր ետք, քաղաքին մէջ ծայր առաւ մեծ հրդեհ մը, որ քեմալականներուն ձեռքի գործն էր: Հրդեհին պատճառով, հրկիզուեցան աւելի քան 50 հազար տուներ, 24 եկեղեցիներ, 28 դպրոցներ, դրամատուներ, հիւպատոսարաններ եւ հիւանդանոցներ:

Ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան՝ քաղաքը հրդեհած են «նահանջող յոյները»։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ