«Հայերն Այսօր».- Ռումանական «Մեթէոր Փրէս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց գերմանացի լրագրող, պատմաբան Միքայէլ Հեզեմանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը՝ Ալեքսանտրա–Քաթրինա Սիորնէի թարգմանութեամբ: Գիրքը ներկայացուեցաւ Նոյեմբեր 18ին, Պուխարեսթի «Քաուտէամուս» գիրքի միջազգային տօնավաճառին, որ իր տեսակին մէջ ամենամեծն է Ռումանիոյ մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին այս գիրքին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն մասին խօսեցան պատմաբան Սորին Անտոխին, «Հիսթորիա» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Եոն Եոնիցա, ռումանահայ գրող, հրապարակախօս Պետրոս Խորասանճեան եւ Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Համլէթ Գասպարեան:
«Գիրքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած են Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն նիւթեր՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ամենամեծ ոճիրին մասին», կը ծանուցուի գիրքի շապիկին վրայ, իսկ իբրեւ բնաբան զետեղուած է Ֆրանսիս պապի 2014 Մայիս 8ին արտասանած խօսքերը հայ նահատակներուն վերաբերեալ: Այդ առիթով գիրքին ներկայացման ներկայ եղած է նաեւ Ռումանիոյ մօտ պապական պատուիրակ գերապայծառ Միկել Մաուրի Փուենթիա:
Նշենք, որ «Մեթէոր Փրէս»ը հայկական թեմաներով անցեալ տարիներուն հրատարակած է շարք մը այլ գիրքեր, իսկ յառաջիկայ տարի հրատարակութեան կը պատրաստէ Սորին Անտոխիի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հատորը:
Asbarez.com
Leave a Reply