ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
Նախագահ Էրտողան անցեալները յայտարարութիւն մը ըրած էր ըսելով որ քանի դեռ Ամերիկա Թուրքիոյ չէ յանձնած Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը, թուրք ժողովուրդը պիտի կարծէ որ Ամերիկա կանգնած էր 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձի ետին։ Էրտողան այս յայտարարութիւնը ըրած էր, հարցազրոյց մը տալով ամերիկեան «Սի Պի Էս» հեռատեսիլի կայանին ու մասնաւորաբար ըսած էր.
«Զինուորական հարուածի փորձի համար չեմ կրնար մեղադրել Ամերիկան, սակայն ժողովուրդս այսպէս կը խորհի. այն այն ինչո՞ւ այդ մարդը տակաւին կը պահէք Ամերիկայի մէջ։ Ներեցէք, բայց թուրք ժողովուրդի կարծիքը այսպէս պիտի ըլլայ այնքան ատեն, քանի դեռ այդ մարդը կը պահէք ամերիկեան հողերու վրայ»։
Ամերիկայի Արտաքին Նախարարութիւնը փոխադարձեց Նախագահի յայտարարութեան։ Բանբեր Ճոն Քիպրի, Սպիտակ տան մէջ սարքուած ամենօրեայ ասուլիսի ընթացքին պատասխանեց այս թէմայի մասին հարցումի մը ու ըսաւ որ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը ոչինչ ըրած է հանրութեան մօտ այսպիսի կարծիքի ձեւաւորումը կանխելու ուղղութեամբ։
«Ես չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ թուրք ժողովուրդի միտքէն այդպիսի բան կ՚անցնի։ Ասիկա զաւեշտալի իրավիճակ է, Ամերիկա որեւէ կապ չունի այդ իրադարձութեան հետ», յայտարարեց Քիպրի։
Բանբերը մերժեց մեկնաբանել Կիւլէնը Թուրքիոյ յանձնելու մասին հարցը, նշելով որ այդ մասին Դատական Նախարարութիւնն է որ պարզաբանումներ պէտք է ներկայացնէ։
Քիպրի նաեւ աւելցուց որ Ամերիկա կ՚աջակցի Ա-Գէ-Փէին, որ ընտրութիւններու միջոցաւ ու ժողովրդավարական ճամբով հասած է իշխանութեան։
ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ԻՐ ԿՈՉԸ
«Վերադարձուցէք ֆէթհուլլահ կիւլէնը»
Դատական Նախարար Պէքիր Պոզտաղ անգամ մը եւս յայտարարեց որ ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ Թուրքիա վերադարձնեն Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը։ «Եթէ չվերադարձնեն, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լուրջ վնաս կը կրեն», ըսաւ Պոզտաղ։
Քաներորդ անգամն է որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ԱՄՆ-է կը պահանջեն որ Կիւլէն վերադարձուի, բայց դիմացի կողմէն այդ ուղղութեամբ որեւէ նշան չկայ հորիզոնին վրայ։
«Կը կրկնենք մեր կոչը, ըսաւ Պոզտաղ, Կիւլէնը շուտով վերադարձուցէք մեզի, այլապէս մեր յարաբերութիւնները կը վնասուին»։
Բայց ԱՄՆ-ի մէջ նախագահական նոր ընտրութենէ ասդին փոթորկալից մթնոլորտ կայ եւ այս փոթորկոտ մթնոլորտին մէջ ո՞վ է որ պիտի ստանձնէ Կիւլէնը վերադարձնելու ծանր պատասխանատուութիւնը։ Կը թուի թէ Թուրքիա տակաւին պիտի սպասէ։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ
Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ «Հայկական ցեղասպանութիւնն ու հատուցման խնդիրները» թէմայի շուրջ համագումար, որ առաջինն է իր տեսակին մէջ։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ Եուրի Սուվարեան ելոյթ մը ունեցաւ եւ ըսաւ որ մինչեւ այսօր միշտ աշխատանք տարուած է ցեղասպանութեան նպատակները վերլուծելու ու ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ուղղութեամբ, իսկ հիմա այլեւս խնդիրը կը մտնէ ուրիշ փուլէ մը ներս։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդը կորսնցուց հող, ունեցաւ նիւթական, տնտեսական ու մշակութային ծանր կորուստներ։ Ըստ Սուվարեանի, Գիտութիւններու Ակադեմիայի նպատակն է այսուհետեւ միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ դնել ցեղասպանութեան տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած վնասները ու բացատրել թէ ինչպէս պէտք է հատուցուին այդ վնասները։
«Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարեդարձէն ետք այլեւս հատուցման հարցը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ», ըսաւ Սուվարեան։
ԷՐԿՈՒՆ ՊԱՊԱՀԱՆԻ ԾԱՆՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
«Հայերէ վերջ կարգը քիւրտերուն եկաւ»
«Էրմէնի Հապէր» կայքէջը արձագանգ կ՚ըլլայ «Հապէրտար»ի քրոնիկագիր Էրկուն Պապահանի բաւական կծու մէկ յօդուածին, որուն մէջ Պապահան կը պնդէ որ ինչ որ հայերու նկատմամբ կատարուեցաւ 1915ին, հիմա նոյնութեամբ կը կատարուի քիւրտերու նկատմամբ։
Պապահան չի վարանիր ըսելու որ իշխանութիւններու կողմէ այսօր կատարուածները կը ջրեն այն ինչ որ անոնք շարունակ կ՚ըսեն 1915-ի կապակցութեամբ։ Քիւրտերու քաղաքները կը ռմբակոծուին, շէնքերը վար կ՚առնուին, հաշտութիւն ու խաղաղութիւն պահանջող բոլոր քաղաքագէտներն ու լրագրողները մէկ առ մէկ ներս կ՚առնուին, թերթերը կը լռեցուին, քիւրտերուն զօրակցող ամէն անհատ կը ձերբակալուի։ Պետութեան բառացանկին մէջ հաշտութիւն ու խաղաղութիւն բառերը չկան, կայ միայն բնաջնջում բառը։
Պապահան իր այս խիստ ծանր ու յոռետես մեկնաբանութեան մէջ կը գրէ որ թերեւս ներքին պատերազմ մը չի պատահիր, բայց ցեղասպանութիւն մը կրնայ պատահիլ, պետութիւնը ատենօք իր զինուորական ուժերը հայերու դէմ գործածեց, հիմա քիւրտերու դէմ ալ կրնայ գործածել։
Պապահան նոյն գծով ծանրապէս կը քննադատէ Էրտողանը ու կը պնդէ որ Էրտողան Թուրքիան կ՚առաջնորդէ դէպի խաւար։
ԹՈՒՐՔԻԱ ՆԱԽ ՆԱԹՕ-ԷՆ ՊԷՏՔ Է ԵԼԼԷ ՇԱՆԿՀԱՅԻ ՀՆԳԵԱԿԻՆ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Իվաշով մեկնաբանեց Թուրքիոյ՝ Շանկհայի հնգեակին միանալու հաւանականութեան մասին հարցումները։ Ինչպէս կը յիշուի, Նախագահ Էրտողան քանի մը օր առաջ յայտարարած էր թէ որպէս Եւրոմիութեան այլընտրանք, Թուրքիա կրնայ միանալ Շանկհայի հնգեակին։
«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան խօսելով, Իվաշով մասնաւորաբար նշեց թէ Անգարայի այս ձգտումը ճիշդ որոշում է։ «Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը փայլուն ու ընդարձակ հեռանկարներ ունի։ Տնտեսութեան ու անվտանգութեան տեսակէտէ եւս կազմակերպութիւնը փայլուն ապագայ ունի։ Տնտեսութեան ու անվտանգութեան տեսակէտէ Թուրքիոյ «Շանկհայի հնգեակ»ին անդամակցութիւնը մեծապէս կարեւոր է», դիտել տուաւ Իվաշով։
ՇՀԿի համահիմնադիրը յիշեցուց Հնդկաստանի ու Փաքիստանի օրինակը, նշելով որ երկու պետութիւններն ալ միաժամանակ անդամակցած են ՇՀԿին ու որպէս արդիւնք երկու երկիրներու միջեւ ռազմական լարուած վիճակը մեղմացած է։
«Սակայն կայ կարեւոր հարց մը. ՆԱԹՕի նման յարձակողապաշտ ռազմական դաշինքի անդամի մը համար ՇՀԿի անդամակցութիւն չէ նախատեսուած։ ՆԱԹՕ, մասնաւորաբար ոչնչացուցած է անկախութեան համար պայքարող կարգ մը պետութիւններ։ Հետեւաբար ՇՀԿին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը երկկողմանի պէտք է ըլլայ։ Մէկ կողմէ Թուրքիա պէտք է զբաղի անդամակցութեան գործընթացով, միւս կողմէ պէտք է սկսի ՆԱԹՕէն հեռանալու գործընթացը», աւելցուց Լէոնիտ Իվաշով։
Ան յիշեցուց նաեւ որ Ամերիկայի նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՆԱԹՕն հինցած կառոյց մը կը նկատէ։ Ան նշած էր թէ ՆԱԹՕի անդամ երկիրները պէտք է ո_չ միայն գումար ստանան, այլ նաեւ որոշեալ գումար մը վճարեն Ամերիկային՝ իրենց անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Իվաշով Թուրքիոյ կոչ ուղղեց որ նկատի առնուին այս հանգամանքները եւ ըստ այնմ Թուրքիա կատարէ իր ընտրութիւնը։
ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊՏՈՅՏԸ
Երէկ, Ուսուցչաց Միութեան նախաձեռնութեամբ, «Ուսուցչաց Օր»ուան առթիւ, հանգստեան կոչուած վաստակաւոր ուսուցիչներու համար կազմակերպուած էր պտոյտ մը՝ դէպի «Եըլտըզ Զբօսայգիի Մալթա Ապարանք»ը։
Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութիւններու կողմէ տրամադրուած էին հանգստաւէտ օթօպիւսներ, որոնց միջոցաւ ուսուցիչներ փութացին յիշեալ վայրը եւ մեծարուեցան ճաշկերոյթով մը։ Հաւաքոյթի բացման առթիւ կարճ ուղերձ մը արտասանեց Միութեան Ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան, որ բարեմաղթութիւններ ըրաւ ուսուցիչներուն։ Այնուհետեւ ներկաները խումբ առ խումբ նստան իրարու քով, առինքնող մթնոլորտի մէջ խօսակցութիւններու տարուեցան իրենց հին օրերը յիշելով, միաժամանակ ճաշակելով իրենց տրամադրուած համեղ ուտելիքները։
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐԹԵՐԻՆ
Ծննդեան 90ամեակի առթիւ
Երեւանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնէն ստացանք հետեւեալ լրատուութիւնը, զոր արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնը, Հայ եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնը եւ «Հայ կրթութիւն» հիմնադրամի «Խորէն ու Շուշանիկ Աւետիսեան» կրթահամալիրը 21 Նոյեմբերին համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ կազմակերպեցին հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի 90ամեակին։
Նախ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնի տնօրէն, ամպիոնի վարիչ Սուրէն Դանիէլեանը։ Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ գրականութեան մէջ ներկայիս փոփոխութիւններ ու տեղաշարժներ կը կատարուին ճանաչողութեան, իմաստային ու գեղագիտական առումներով եւ բազմաթիւ գրողներ կ՚երեւին նոր լոյսի տակ։ Այս փոփոխութիւնները կը փոխանցուին նորագոն սերունդին. թէ ուսանողութեան եւ թէ աշակերտներուն։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Սփիւռքի գրական-մշակութային արժէքները ընկալելուն մանաւանդ Սփիւռքի գլխաւոր արմատէն՝ Պոլիսէն, որու բանաստեղծներէն Զարեհ Խրախունի դիմագիծ տուաւ իր սերունդին։ Ուրախալի է որ հայրենի ոչ միայն երէց, այլ նաեւ նոր ու նորագոյն սերունդը սիրով կը հաղորդակցի բանաստեղծական այս որակին հետ։
Ապա խօսք տրուեցաւ արձակագիր, գրականագէտ Ֆէլիքս Բախչինեանին, որ իր հանգամանալից ելոյթին մէջ ծանրացաւ Զարեհ Խրախունիի բանաստեղծական յատկանիշներու վրայ։
Կեդրոնի մէթոտիսթ ու ամպիոնի աշխատակից Քնարիկ Աբրահամեանի ելոյթը նուիրուած էր Զարեհ Խրախունիի խորհրդանշաններու համակարգին ու ազատութեան փիլիսոփայութիւնը ընկալելուն։
Բանասիրական բաժնի մասթըրի բաժնի հեռակայ ուսուցման ուսանող, հալէպցի Սօսի Միշոյեան խօսեցաւ Զարեհ Խրախունիի բանաստեղծութեան «ազգային երակ»ի մասին։
Այս հանդիսութեան առանցքը կազմեցին ուսանողներն ու աշակերտները, որոնց միասնական ելոյթը համ ու հոտ բերաւ, ամբողջացուց Զարեհ Խրախունիի բանաստեղծութեան հմայքը։ Արտասանութիւններով ու երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան բանասիրական բաժնի ուսանողներ Սեդա Ասլանեան (մասթըրի ուսանող), Ալէոնա Տումիկեան (երրորդ լսարան), Հայկանոյշ Մէլիքսէթեան (երրորդ լսարան), Գոհար Երուանդեան (առաջին լսարան), «Աւետիսեան» դպրոցի սաներ Էլէն Բահրիկեան, Մարիամ Սեդրակեան, Թագուհի Սիմոնեան, Նուէր Պետրոսեան, որ կը մարմնաւորէր բանաստեղծի կերպարը։
Գեղարուեստական մասը «Հարցում կռունկի թեւերուն» բանաստեղծութեամբ եզրափակեց Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի ուսանող, ասմունքող, գեղարուեստական յայտագրի պատասխանատու Գարունա Երանոսեան, որու ատենախօսութեան թէման պոլսահայ քնարերգութիւնն է։
Հանդիսութիւնը անցաւ ջերմ ու յուզումնալից մթնոլորտի մէջ։ Աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան ու բանասիրական բաժնի տեսուչ Աշոտ Գալստեան յայտնեց իր բարձր գնահատանքը, ընդգծելով որ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ է որ ներկայիս ունինք համալսարան-դպրոց համագործակցութեան հրաշալի օրինակ։ Իսկ «Աւետիսեան» դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեան յոյս յայտնեց որ իր սաներէն շատերու համար նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները կողմնորոշուելու հոյակապ նախադռներ
Leave a Reply