ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԵՂԵԱԼ ՆԿԱՏԵՑ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա վերջին պահուն չեղեալ յայտարարեց Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան այցելութիւնը, որ պիտի կայանար 17 Նոյեմբերին։
Տեղական աղբիւրներ կը նշեն որ Անգարա ջնջեց այս այցելութիւնը, քանի որ պատուիրակութեան կազմին մէջ էր Եւրոխորհրդարանի մէջ Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող էթի Փիրի։ Այցելութեան մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ու Եւրոխորհրդարանի Նախագահ Մարթին Շուլցի միջեւ կայացած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին։
Եւրոխորհրդարանը (ԵԽ) որոշում կայացուցած էր Անգարա ուղարկել ԵԽի արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահ, գերման խորհրդարանական Էլմար Պրոքնու Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող, հոլանտացի խորհրդարանական Քէթի Փիրի։
Կ՚ակնկալուէր որ այս այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը ԵԽի ու Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական ընդհատումը կանխելու նպատակով հանդիպումներ ունենայ թուրք ընդդիմադիր գործիչներու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, սակայն թրքական կողմը կտրականապէս դէմ արտայայտուեցաւ Քէթի Փիրիի Թուրքիա այցելութեան, յիշեցնելով որ Փիրի սուր քննադատութիւններ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ հասցէին։ Այցելութիւնը չեղեալ նկատելու մասին գրաւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ նաեւ ԵԽի նախագահ Մարթին Շուլց, նշելով որ թուրք պաշտօնեաներու հետ հանդիպման ձեւաչափի մասին համաձայնութիւն չէ գոյացած, ուստի այցելութիւնը յետաձգուած է։
Յիշեցնենք որ Քէթի Փիրի վերջերս յայտարարած էր թէ Թուրքիոյ մէջ իրադարձութիւնները Պրիւքսէլի մէջ խոր մտահոգութիւններ կը յարուցանեն։ Ան ընդգծած էր որ 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձէն ետք կառավարութիւնը ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու եւ մամուլի նկատմամբ «զէրոյական հանդուրժողականութիւն» կը ցուցաբերէ ու երկիրն ալ հետզհետէ կը վերածուի բռնատիրական պետութեան։
Իսկ անցեալ օրերուն, Փիրի, պատասխանելով Եւրոխորհրդարանի մէջ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութեան այն յայտարարութեան թէ Եւրոմիութիւնը թուրք ժողովուրդի մօտ կորսնցուցած է յարգանք, ըսած էր. «Մեր միակ պատասխանը յարաբերութիւններու սառեցումը պիտի ըլլայ»։
Էրզրումի Թէքնիք Համալսարանի կազմակերպած համաժողովը
«ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ 1915Ի ՄԷՋ»
Էրզրումի Թէքնիք Համալսարանի մէջ կազմակերպուած էր հայ-թուրք յարաբերութիւններուն նուիրուած համաժողով մը, որ կը կոչուէր «Թուրք-Հայ յարաբերութիւններ, որոնք բանտարկուեցան 1915-ի մէջ»։ Համաժողովին նախագահեց համալսարանի պատմութեան ակումբի հայկական սեղանի անդամ Փրօֆ. Իպրահիմ Էթէմ Աթնուր։ Համաժողովի մասնակից դասախօսներ խօսեցան հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին ու աւելի վերջ ալ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։
Հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը
ՀԱԿԱՌԱԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ, ՂԱՐԱՊԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ՚ՈՒԶԷ ՄՆԱԼ ԻՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Քաղաքական Ու Ընկերային Խորհրդակցութեան Միջազգային Հիմնարկի տնօրէն Յովհաննէս Գրիգորեան հրապարակեց վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը որ ցոյց կուտայ թէ Արցախի հայ ժողովուրդը, հակառակ պատերազմական պայմաններու ու տնտեսական դժուարութիւններու, կը նախընտրէ մնալ իր հողերուն վրայ ու չի մտածեր արտագաղթելու մասին։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կողմնակից է անկախութեան կամ Հայասանի հետ միանալու։ Այսպէս մտածողներու համեմատութիւնն ալ, որ 2015 թուականին 91,7 տոկոս էր, 2016ին բարձրացաւ 95,1 տոկոսի։
Յովհաննէս Գրիգորեան այս մասին պատրաստուած տեղեկագիրը 17 Նոյեմբերին ներկայացուց Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպացի դիւանագէտներուն, լրագրողներուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Ուսումնասիրութիւնը կատարուեցաւ Ղարապաղի 7 շրջաններուն մէջ։ Հարցուեցաւ 1081 ընտանիքներու կարծիքը։ Արդիւնքն այն է որ ժողովուրդին մեծամասնութեան համար հիմնական առաջին հարցն է խաղաղութեան ձեռքբերումը։ Ժողովուրդը կ՚ուզէ որ պատերազմը ժամ առաջ վերջանայ։ Երկրորդ կարգի վրայ կուգայ անգործութեան հարցը, նաեւ Արցախի միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչումը։ Այնուհանդերձ ժողովուրդին մօտ չկայ գաղթելու տրամադրութիւն։ Եթէ բաղդատուի Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ, զգալի է որ Արցախի ժողովուրդի մօտ արտագաղթ ուզողներու համեմատութիւնը շատ աւելի ցած է քան թէ Հայաստանի, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ։
Եւրոխորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկէլն ալ ելոյթ ունեցաւ ու գովեց Ղարապաղի ժողովուրդին քաղաքական հասունութիւնը։ Եւրոպացի Բարեկամներ Հիմնարկի Տնօրէն Տիէկօ Փինթօ իր կարգին ըսաւ որ շատ ուրախ է տեսնելով Ղարապաղի ժողովուրդին վճռականութիւնն ու տոկունութիւնը։ «Մենք որ Հայաստանին բարեկամներն ենք, կը ջանանք որ յուսախաբ չընենք Ղարապաղի ժողովուրդը։ Պիտի շարունակենք ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ ու պիտի բացատրենք որ խաղաղութենէ տարբեր ճամբայ չկայ հարցի լուծման համար», ըսաւ ան։
Կատա՞կ թէ լուրջ
ԹՐԱՄՓԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵՑ
– Ի՞ՆՉ ԹՈՇԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
ԱՄՆ-ի նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ օր յայտարարեց որ պիտի մերժէ գանձել տարեկան 400 հազար տոլարի նախագահական թոշակը, ատոր տեղ պիտի գանձէ միայն մէկ տոլար։ Ասկա անսովոր յայտարարութիւն մըն էր։ Այս կերպով անոնք որ չէին գիտեր, իմացան որ Նախագահ Օպամա նախագահի իր պաշտօնակատարութեան համար կը ստանայ տարեկան 400 հազար տոլար։ Թրամփ, որ ԱՄՆ-ի հարուստ միլիառատէրերէն մէկը կը նկատուի, զգայացունց տպաւորութիւն գործեց այդ թոշակը մերժելով։
Տանըլտ Թրամփի հարստութիւնը կը գնահատուի 3,7 միլիառ տոլար։ Ասիկա ցոյց կուտայ թէ Թրամփ իրականութեան մէջ մեր կարծածին չափ ալ հարուստ մէկը չէ, նոյնիսկ հարուստներուն աղքատը պիտի նկատենք զինքը եթէ իմանանք որ Թրամփ «Ֆորպէս»ի աշխարհի միլիառատէրերու ցանկին մէջ 475րդ կարգի վրայ կը գտնուի։ Ալ կարելի է երեւակայել թէ Թրամփէն շատ աւելի հարուստ որքան շատ մարդ կայ։
Բայց Թրամփ, մերժելով 400 հազար տոլար նախագահական թոշակը, հետաքրքիրներու ուշադրութիւնը յանկարծ հրաւիրած եղաւ աշխարհի զանազան երկիրներու նախագահներուն ստացած թոշակներուն վրայ։ Օպամա ամէնէն բարձր թոշակը ստացող Նախագահն է եւ Թրամփ ալ նոյն դիրքը պիտի գրաւէր եթէ թոշակը չմերժէր։ Ան այս թոշակը մերժելով ցանկին վրայ առաջնութիւնը թողուց Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյին որ տարեկան 260 հազար տոլար թոշակ կը ստանայ։
«Սէօզճիւ» թերթի կողմէ հրատարակուած լրատուութեան մը համաձայն ցանկին մէջ այժմ Գանատայի վարչապետէն վերջ կուգայ Գերմանիոյ վարչապետը, Մէրքէլ, որ կը ստանայ 234 հազար տոլար։ Ցանկին մէջ երկու յաջորդներն են նախ Թուրքիոյ նախագահ Թայյիպ Էրտողան 179 հազար տոլարով, ապա Անգլիոյ Թէրէսա Մէյ 178 հազար տոլարով։
Այս պայմաններու մէջ Թրամփ յառաջիկայ տարիներուն, եթէ իր խոստումը յարգէ, մէկ տոլար թոշակով պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն «աղքատ» նախագահը։ Արդարեւ «Սէօզճիւ» թերթը երէկուան իր թիւին նէջ Թրամփին ծաղրանկարը հրատարակած էր երկու պարապ գրպաններու ընդգծումով։
Թրամփ ԱՄՆ-ի Նախագահութիւնը շահեցաւ, բայց ատոր փոխարէն կը թուի թէ բաներ մը կորսնցնելու վրայ է։ ԱՄՆ-ի մէջ իրեն դէմ ցոյցեր կը կատարուին, յայտնի կը դառնայ որ ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածին համար Թրամփ անսիրելի անձ մըն է։ Կամ այդպէս կը նկատուի։ Մամուլը հաղորդեց որ Նիւ Եորքի մէջ երեք հսկայ շէնքերու բնակիչները բողոքեցին շէնքին ճակտին դրուած անունին դէմ, որ Թրամփին անունն է։ Էքուըթի Հաստատութիւնը որ Թրամփի անունով մկրտուած այս շէնքերը կը բանեցնէ, անդրադարձաւ որ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ որ շէնքերը այսուհետեւ կոչուին չէզոք անունով մը, եւ վար առաւ Թրամփ անուան տառերը։
«ԱԿՕՍ»-ի ԴՐԱՆ ԱՌՋԵՒ ՍԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿ ԴՆՈՂՆԵՐԸ ԱՆՊԱՐՏ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՆ
Ընթերցողները պիտի յիշեն որ 24 Ապրիլի օրով «Ակօս» թերթի դրան առջեւ դրուած էր սեւ ծաղկեպսակ, եւ ըսուած էր որ «Գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ»։ Այս դէպքը թերթին դէմ սպառնալիք նկատուած էր ու դատ բացուած էր ենթականերուն դէմ։ Երէկ հաղորդուեցաւ որ դատարանը անպարտ արձակեց սեւ ծաղկեպսակ դնողները։ Դատարանը յանցանք չէր նկատած այս արարքը։
Սեւ ծաղկեպսակ դնողներն էին «Միլլիյէթճի Թուրքիա» կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Պիլալ Կէօքճէեուրտ ու Թուրանի Օճախներու Ընդհանուր Նախագահ Էրճան Ուրչար։ Այս երկուքը միայն սեւ ծաղկեպսակ չէին դրած, նաեւ յայտարարած էին որ «Գիշեր մը յանկարծ կրնան գալ»։ Այս վերջինը սպառնալիք նկատուած էր թերթի հասցէին։
Բայց երկու ամբաստանեալները յայտնեցին թէ իրենց ըրածը պարզապէս բողոքի ցոյց մըն էր ու սպառնալիք չկար ատոր մէջ։
Դատարանը իրաւունք տուաւ ամբաստանեալներուն ու անպարտ հռչակեց զանոնք։
ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՊԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ
«Հիւրրիյէթ» կը գրէ որ Գերմանիոյ Կայզէրսլաութէն քաղաքին մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕի ռազմախարիսխէն ներս կը ծառայեն խումբ մը թուրք զինուորականներ, որոնք քաղաքական ապաստան ստանալու խնդրանքով դիմում կատարած են Գերմանիոյ իշխանութիւններուն։
Անձնական տուեալներու գաղտնիութիւնը պահելու սկզբունքէն մեկնելով, չի հրապարակուիր թէ քանի՞ թուրք զինուորական այդպիսի դիմում ներկայացուցած է։ Ներկայիս դիմումները կ՚ուսումնասիրուին պատկան մարմիններու կողմէ։ Թուրք զինուորականները քաղաքական ապաստան խնդրելու համար որպէս հիմնաւորում ներկայացուցած են 15 Յուլիսի հարուածէն ետք Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակը։
Կը նշուի որ Գերմանիոյ մէջ ՆԱԹՕի ռազմական խարիսխէն ներս ծառայութիւն կ՚իրականացնեն 30-40 թուրք զինուորականներ, որոնց գործուղման ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին։
Leave a Reply