Վարչապետը ամէն օր Սահմանադրութեան փոփոխութեան ու նախագահական դրութեան մասին կը խօսի
«ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԱՍԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ»
Քըլըճտարօղլու. «Երկիրը կրակներու մէջ է, ասոնց խելքը-միտքը Նախագահական դրութեան վրայ է»
Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ այլեւս ծանր կը կշռէ հարց մը որ ամէն օր բանավէճի նիւթ դարձած է: Ասիկա կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ նոր վարչաձեւ մը հաստատելու նախաձեռնութեան, վարչաձեւ մը որ կը կոչուի «Նախագահական դրութիւն»: Նախագահական դրութիւնը իր ներշնչումը կ’առնէ öանաöան երկիրներու մէջ գործադրուած համանուն վարչաձեւէն, իբր գլխաւոր օրինակ ունենալով Ամերիկան, ուր վաղուց կը գործադրուի նախագահական դրութիւն: Ա-Գէ-Փէ իշխանութիւնները, ի գլուխ ունենալով Նախագահ Էրտողանը, այժմ կ’ուզեն Թուրքիոյ մէջ հաստատել նախագահական դրութիւն, բան մը որ կը կարօտի Սահմանադրական փոփոխութեան եւ ատոր համար ալ կը կարօտի նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հաւանութեան: Միայն թէ ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններէն միայն մէկն է, Տէվլէթ Պահչէլլի Մէ-Հէ-Փէն, որ հաւանութեան նշաններ ցոյց կուտայ նախագահական դրութեան: Իսկ Ճէ-Հէ-Փէ շատ խիստ դիրքաւորումով կը մերժէ նախագահական դրութիւնը:
Վարչապետ Եըլտըրըմ երէկ ալ լայնօրէն խօսեցաւ այս մասին եւ ըսաւ որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան պատճէնը վերջին ձեւը առնելու վրայ է: «Պիտի շարունակենք միւս կուսակցութիւններուն հետ ալ հասկացողութեան գալ», ըսաւ Վարչապետը դարձեալ գնդակը նետելով ժողովուրդին կողմը ու ըսելով որ ժողովուրդը այլեւս աւելի երկար սպասելու տրամադրութիւն չունի: Վարչապետը ըսաւ որ փոփոխութեան միակ հասցէն Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնն է, Ա-Գէ-Փէ հիմա շատ աւելի öօրացած է, ինչ մեղք որ այս կուսակցութեան դէմ եկողները կը շարունակեն ընթանալ հին գլուխով, ըսաւ ան: Վարչապետը, որ ամէն առիթով կը պաշտպանէ Նախագահ Էրտողանը, Ֆաթիհին թոռը որակեց Էրտողանը ու ըսաւ դարձեալ որ եթէ Ֆաթիհ Իսթանպուլը գրաւելու համար նաւերը ցամաքէն ծով իջեցուց, Էրտողանն ու գործակիցներն ալ շոգեկառքերն ու ինքնաշարժերը ծովերուն տակէն անցընելով ցոյց տուին որ իրենց պապերուն թոռներն են: «Մութ հաշիւ ունեցողները մեö բնաւ չսիրեցին» ըսաւ Վարչապետ Եըլտըրըմ:
Եթէ նայուի վերջին քանի մը օրերու անցուդարձերուն, պիտի տեսնուի որ պատկերը միշտ նոյնն է: Նախագահական դրութեան դէմ եղողները մտահոգութիւն կը յայտնեն ըսելով որ Նախագահական դրութիւն հաստատել ուöողներուն բուն նպատակն է «վարչաձեւ»ի արմատական փոփոխութիւն ընել երկրին մէջ: Ասիկա լուրջ մեղադրանք է: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ անցեալ օր մերժեց այդ ամբաստանութիւնը, պատասխանեց որ «Վարչաձեւի մասին բանավէճը 1923 վերջացաւ, հիմա կը խօսինք Սահմանադրական փոփոխութեան մասին, ոչ թէ վարչաձեւի փոփոխութեան մասին»: Ակնարկելով Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի այն խօսքին թէ «Սահմանադրական փոփոխութեան առընչութեամբ մեր դուռը բաց է», Վարչապետը ըսաւ որ իրենց ալ դուռը բաց է միշտ: «Եկէք միասնաբար աշխատինք ու ապրեցնենք Ենիգափուի ոգին», ըսաւ Վարչապետը: Վարչապետը խօսք ուղղելով Ճէ-Հէ-Փէին, ըսաւ. «Շոգեկառքը չէք փախցուցած տակաւին, եկէք միացէք մեöի»: Բայց Ճէ-Հէ-Փէ կը շարունակէ հիմնովին դէմ գալ նախագահական դրութեան:
Ամէն պարագայի բնաւ կասկած չունենանք որ Ա-Գէ-Փէ անդրդուելի կերպով յառաջ պիտի տանի Նախագահական Դրութիւն հաստատելու քաղաքականութիւնը, այդ քաղաքականութիւնը հաստատելով ժողովուրդին կարծիքին վրայ, այսինքն հանրաքուէի գործադրութեամբ: Ճէ-Հէ-Փէ որքա՞ն պիտի յաջողի արգելք հանդիսանալ: Հետաքրքրական է Քըլըճտարօղլուի վերջին յայտարարութիւնը.
«Թուրքիա կրակներու մէջ է, ասոնց խելքը-միտքը նախագահութիւն է: Մէկ միլիոն ընտանիք տուժած է վերջին կացութիւններէն, բանտերը բերնէ բերան լեցուեցան, եկէք այս խնդիրներով öբաղինք: Եկէք մենք ալ öօրակցինք ձեöի: Բայց ասոնք ոչ կ’ըսեն, որովհետեւ անոնց նպատակն է երկրին մէջ հաստատել բռնատիրական վարչաձեւ», ըսաւ Քըլըճտարօղլու:
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԸ ՓՈԽԱԴԱՐՁԵՑ ԱՐՏԱՔԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻՆ
Գերմանիոյ հետախուöութեան ծառայութեան ղեկավար Հանս Ճորճ Մաասէն փոխադարձելով Արտաքին Նախարար Մէվլիւթ Չավուշօղլուի այն մեղադրանքներուն, ըստ որոնց Գերմանիա կ’աջակցի ՓՔՔական öինեալներուն, յայտարարեց որ այդ մեղադրանքները անհիմն են. գերմանական կողմը Թուրքիոյ ՄԻԹի հետ յաջող համագործակցութիւն կ’իրականացնէ ահաբեկչութեան դէմ եւ ՓՔՔի հարցի առընչութեամբ ալ տարիներ շարունակ համատեղ պայքար կը տարուի:
Գերմանացի պաշտօնեան, անդրադառնալով öինուորական հարուածի փորձէն ետք փոխադարձ յարաբերութիւններու ձգտեալ վիճակին, ըսաւ որ յարաբերութիւնները չեն վատթարացած, միայն առաջնահերթութիւններն են որ փոխուած են երկու երկիրներու համար:
Յիշեցնենք որ Արտաքին Նախարար Չավուշօղլու անցեալները յայտարարած էր որ Գերմանիոյ մէջ կան 4500 ՓՔՔականներ, Թուրքիա դատ բացած է այդ անձերու դէմ, սակայն մինչեւ այսօր Գերմանիա միայն անոնցմէ երեքն է որ յանձնած է թրքական կողմին:
ԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՑՈՒՐՏ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՑՈՅՑ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Նախագահ Էրտողան ու անոր մօտիկ գործակիցները գրեթէ ամէն օր խիստ բառերով ասպարէզ կը կարդան Եւրոմիութեան ու Եւրոպական երկիրներու դէմ, եւ ասիկա բնականաբար այդ երկիրներուն մօտ լուրջ վերապահութիւն կը ստեղծէ Թուրքիոյ նկատմամբ, բայց քաղաքականութեան օրէնքները կը պահանջեն որ երբեմն անտես առնուին այդ վերապահութիւնները:
Թուրքիա այս օրերուն ամէն օր կրակ կը ժայթքէ Գերմանիոյ դէմ, բայց Գերմանիոյ Արտաքին Նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր նախընթաց օր Անգարա եկաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ բանակցելու համար: Մամուլը մասնաւոր կերպով կ’ընդգծէ որ Թուրքիա ցուրտ վերաբերում ցոյց տուաւ Գերմանիոյ Արտաքին Նախարարին, կարմիր գորգ չփռեց անոր ոտքերուն տակ, տրամադրուած ինքնաշարժին վրայ ալ Գերմանիոյ դրօշակը չդրուեցաւ öանաöան պատրուակներով: Այս կերպով Թուրքիա դարձեալ իր դառնութիւնը արտայայտեց Գերմանիոյ նկատմամբ: Բայց միայն Գերմանիա՞ն կայ:
Նախագահ Էրտողան, մեկնակէտ ունենալով Շթայնմայէրի այցելութիւնը, երէկ Փաքիստան երթալէ առաջ ըսաւ որ Գերմանացիները շարունակ կը պնդեն թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքար կը մղեն, բայց մենք այս խօսքերուն կարեւորութիւն չենք տար: «Ես ասկէ առաջ Գերմանիոյ վարչապետին յանձնեցի ՄԻԹ-ի կողմէ պատրաստուասծ 4 հաöար թղթածրար, մինչեւ հիմա միայն վեց թղթածրարը կրցեր են քննել» ըսաւ:
Բայց Նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ որ միայն Գերմանիան չէ որ կը մեղսակցի ահաբեկիչներուն, ամբողջ Եւրոպան այդ ընթացքին մէջ է: Դրամական օգնութիւն կը կատարուի ահաբեկչական մարմիններուն:
ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐ
Նախագահ Էրտողանի ու ընդհանրապէս կառավարութեան կողմէ Եւրոմիութեան հասցէին կատարուած քննադատութիւնները ու Եւրոմիութեան հետ կապերը խöելու ձգտումները մտահոգութիւն պատճառած են այն շրջանակներուն, որոնք հինէն ի վեր աշխատանք կը տանին որպէսöի Թուրքիա ընդունուի Եւրոմիութեան շրջանակէն ներս: Հանրապետութեան նախորդ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլն ալ անցեալ օր յայտարարեց որ Եւրոմիութեան նկատմամբ սխալ քաղաքականութիւն մը կը գործադրուի ներկայիս:
Եւրոմիութեան հետ կապ
«ԵԹԷ ՊԷՏՔ ԸԼԼԱՅ, ԻԶՄԻՐ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷ»
Քովի սիւնակներուն մէջ արձագանգ հանդիսացած ենք Եւրոմիութեան նկատմամբ Նախագահ Էրտողանի ու գործակիցներուն ցուցաբերած ցուրտ վերաբերումին: Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան քաղաքականութիւնը, եթէ այսպէս շարունակուի, ամբողջովին կապերը պիտի փրցնէ Եւրոմիութեան հետ:
Ասկէ անհանգստացողներուն միջեւ կը գտնուին բաöմաթիւ Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխաններ, որոնք երէկ յայտարարութիւններ ըրին: Ճէ-Հէ-Փէի Իöմիրի երեսփոխաններ Էօöճան Փուրճու եւ Ալի Եիղիթ, Տէնիöլիի երեսփոխան Մէլիքէ Պասմաճը եւ Գայսէրիի երեսփոխան Չէթին Արըք երէկ կուսակցութեան կեդրոնին առջեւ խօսք ուղղեցին իրենց կուսակիցներուն: Անոնցմէ Ալի Եիղիթ ըրաւ տարօրինակ յայտարարութիւն մըն ալ եւ ըսաւ որ եթէ պէտք ըլլայ Իöմիրը Թուրքիայէ կը բաժնուի:
Եիղիթ հակաöդեցութիւն ցոյց տուաւ Ա-Գէ-Փէի կողմէ Եւրոմիութեան նկատմամբ ցուցաբերուած քաղաքականութեան դէմ եւ ըսաւ$ «Հանրապետութեան Նախագահը գլուխ կը բռնէ, Արտաքին Նախարարութիւնը գլուխ կը բռնէ, «Եւրոմիութիւնը չենք ուöեր» կ’ըսեն: Մինչդեռ մենք 57 տարի սպասեցինք Եւրոմիութեան դրան առջեւ, օրէնքի հարիւրաւոր փոփոխութիւններ ըրինք Եւրոմիութեան անդամակցելու համար, մենք պատրաստ ենք Եւրոպացի դառնալու: Մանաւանդ Իöմիրցիները վաղուց պատրաստ են: Իöմիրը դէպի Եւրոպա բացուող դրան մը պէս է: Մենք երբեմն կ’ըսենք որ եթէ հարկ ըլլայ, Իöմիրը կը բաժնուի ու առանձինն կը մտնէ Եւրոմիութիւն: Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով ժամանակակից մարդ պատրաստ է Եւրոպացի դառնալու», ըսաւ Եիղիթ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցաöրոյցը ռուսական միջաöգային լրատուական գործակալութեան
Leave a Reply