ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

%d5%b4%d5%a1%d6%80%d5%b4%d5%a1%d6%80%d5%a1ԱՐՏԱՔԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԷՎԼԻՒԹ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԽԻՍՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՄԱՐԹԻՆ ՇՈՒԼՑԻՆ

Ձեռքէդ եկածը ետիդ մի թողուր, ըրէ եթէ ուժդ կը բաւէ

Արտաքին Նախարար Մէվլիւտ Չավուշօղլու երէկ Չինաստանի իր պաշտօնակից Վանկ Եիի հետ սարքուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, շատ խիստ ոճով պատասխանեց Եւրոխորհրդարանի Նախագահ Մարթին Շուլցի կողմէ Թուրքիոյ հասցէին արտասանուած խօսքերուն։ Գործածելով թրքերէն ռամիկ բացատրութիւն մը, ըսաւ որ ան իր ետին չթողու ինչ որ կրնայ ընել։ Ուշագրաւ է որ վերջին շրջաններուն Թուրք դիւանագէտները շատ խիստ բառերով կը պատասխանեն Արեւմուտքի դիւանագէտներուն։

Արտաքին Նախարարը ակնարկեց Շուլցի այն խօսքերուն ըստ որոնց կարելի է տնտեսական պատժամիջոցներ գործադրել Թուրքիոյ հասցէին եւ ասպարէզ կարդաց  ըսելով. «Անոր ըսածները մեզի համար բնաւ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ, եթէ ուժը կը բաւէ, ան նախ վերջ տայ Եւրոխորհրդարանէ ներս ՓՔՔ-ի գործունէութեան։

Բայց այնպէս կը թուի թէ ուժը չի բաւեր, կամ թէ կը զօրակցի ՓՔՔ-ին։ Շուլցի խօսքերուն մէջ սպառնալիքներ ալ կան։ Ներողամիտ թող գտնուի, այդ սպառնալիքները  մեր վրայ ազդեցութիւն չեն գործեր։ «Մենք երբ որոշում մը կ՚առնենք, մեր ժողովուրդին կը հարցնենք, ոչ թէ ձեզի´, ըսաւ Չավուշօղլու խօսքը ուղղելով Շուլցին։

ՖՐԱՆՍԱ ՅԻՇԵՑ ՄԷԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋՈՒԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՀԱՒՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Ֆրանսա երէկ ոգեկոչեց յիշատակը այն Ֆրանսացիներուն որոնք զոհ գացին ճիշդ մէկ տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ պատահած ահաբեկչական զուգընթաց արարքներու, ամէնէն առաջ երգահանդէսի մը ընթացքին։

Տակաւին չէ մոռցուած որ այդ գիշեր Փարիզի մէջ պատահած ահաբեկչական անօրինակ արարքները սարսափի մատնած էին ոչ միայն Ֆրանսան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը։ Լոյս Քաղաքը այդ գիշեր ցնցուեցաւ նոյն վայրկեաններուն զանազան կէտերու վրայ պատահած յարձակումներով ու պայթումներով որոնց զոհ գացին մօտաւորապէս 160 քաղաքացիներ։ Կային 200 վիրաւորեալներ։

Զինեալ յարձակումներէն մէկը կատարուած էր համերգասրահի մը մէջ ուր րոք երաժշտութեան համերգ մը սարքուած էր։ Նախայարձակները սրահին մէջ սպաննեցին հարիւր հանդիսականներ, իրենք ալ սպաննուեցան ոստիկանութեան կողմէ։

Նոյն վայրկեաններուն յարձակում մըն ալ գործուեցաւ ճաշարանի մը մէջ։ Պայթումներ պատահեցան նաեւ Փարիզի գլխաւոր մարզադաշտին շուրջ ուր կը կայանար ֆութպոլի մրցում մը Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ միջեւ որպէս պատրաստական հանդիպում, որուն կը հետեւէր նաեւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ։

Երէկ բովանդակ Ֆրանսա յիշեց այս անմոռանալի պատահարը ու անգամ մը եւս ծաղիկներ դրաւ զոհերու դամբարաններուն ու ահաբեկչական արարքներու վայրերուն վրայ։

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՄԷՋ ՎԵՑ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՀԱՄԱՏԵՂ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ

Աւստրիոյ մէջ քաղաքական վեց կուսակցութիւններ, որոնք աթոռ ունին Խորհրդարանէն ներս, Թուրքիոյ դէմ համատեղ հռչակագիր ստորագրեցին, կոչ ուղղելով որ առկախուին Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները։ Համատեղ հռչակագիրը ստորագրեցին Ընկերվար-ժողովրդավար, Ժողովրդական, Ազատութիւն, Կանանչներ, Նոր Աւստրիա եւ Սթրոնէչի խումբ կուսակցութեան նախագահները, որոնք ասուլիս մը սարքելով ներկայացուցին հռչակագրի բովանդակութիւնը։

Աւստրիացի քաղաքագէտները դիտել տուին որ հռչակագրի միջոցով կոչ ուղղուած է առկախել Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ազատ արձակել Հէ-Տէ-Փէցի ձերբակեալ երեսփոխաններն ու ընդդիմադիր լրագրողները։

Հռչակագրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի որ 14 Յուլիսի զինուորական փորձէն ետք, արտակարգ դրութեան պայմաններու տակ հետապնդումներն ու ձերբակալութիւնները անհանգստութիւն կը պատճառեն։

Այս հռչակագրի ստորագրութենէն քանի մը օր առաջ ալ Արտաքին Նախարար Սէպասթիան Կուրց յայտարարած էր թէ անկարելի է որ Թուրքիա անդամակցի Եւրոմիութեան։

Յիշեցնենք որ 20 Օգոստոս 2016ին, ՓՔՔի համակիրներ հանրահաւաք մը սարքած էին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայիւ մէջ։ Այդ հանրահաւաքէն ետք Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը Անգարա կանչուած էր եւ արդէն երեք ամիսէ ի վեր Թուրքիա դեսպան չունի Աւստրիայէն ներս։

ԹՐԱՄՓ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ՊԻՏԻ ՎՏԱՐԷ 2-3 ՄԻԼԻՈՆ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐ

Ամբողջ աշխարհ տակաւին կը խօսի այն անակնկալին մասին որ իրականացաւ ԱՄՆ-ի մէջ նախագահական ընտրութեան կապակցութեամբ։ Այդ երկրին մէջ տակաւին շատեր չեն կրցած մարսել այն իրողութիւնը թէ Թրամփ յաղթական դուրս եկաւ այս բախտորոշ պայքարէն։ Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ցոյցեր կը կատարուին ու ցուցարարներ բողոքներ կը ներկայացնեն Թրամփի նախագահութեան դէմ։ Յայտնի է որ ԱՄՆ-ի նախագահը մղձաւանջ մը պիտի ըլլայ ամէնէն առաջ այդ երկրին մէջ ապօրէն կերպով բնակութիւն հաստատած գաղթականներուն։ Թրամփ իրեն հետ կատարուած առաջին հարցազրոյցի մը ընթացքին կրկնեց որ երկրէն պիտի վտարէ մօտաւորապէս 2-3 միլիոն գաղթականներ որոնք ապօրէն կերպով եկած են Ամերիկա։ Թրամփ իր այս դիտաւորութեան մասին խօսեցաւ Սի-Պի-Էս կայանի կողմէ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Տակաւին հարցազրոյցին ամբողջութիւնը չէր հրապարակուած, որ ցոյցեր կատարուեցան այդ հարցազրոյցին դէմ։

Թրամբ, որ ընտրարշաւի ընթացքին ալ շարունակ կրկնած էր որ գաղթականները երկրէն դուրս պիտի վտարէ, այս անգամ ալ կրկնեց նոյնը, բայց ըսաւ որ պիտի սկսի այն գաղթականներէն որոնց անցեալին մէջ յանցագործութիւն կայ, որոնք թմրեցուցիչ կը գործածեն կամ կը ծախեն, կամ որոնք մաս կը կազմեն զինեալ խմբակցութիւններու։

Թրամփ ընտրարշաւի ընթացքին ըսած էր որ պատ մը պիտի հիւսէ ԱՄՆ-ի ու Մեքսիքայի ամբողջ սահմանին վրայ, որպէսզի առաջքը առնէ փախստականներու մուտքին։ Թրամփի այս դիտաւորութիւնն ալ կը գտնուի լրագրողներու հետաքրքրութեան կիզակէտին վրայ։ Թրամփ այս անգամ ալ ստիպուեցաւ պատասխանել այդ մասին ուղղուած հարցումի մը ու ըսաւ որ բնականաբար ամբողջ սահմանի վրայ պատ մը քաշել կարելի չէ, բայց մնացեալ մասերն ալ պիտի փակուին ցանկապատերով։

ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ

Երէկ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշուեցաւ Դպրեվանքի հիմնադրութեան 64րդ տարեդարձը ու Ս. Պատարագէն ետք սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան՝ ի նպաստ Դպրեվանքի, հաւասարակշելու համար պիւտճէի բացը, որ կը հասնէր մէկ միլիոն լիրայի։

Դպրեվանքի հիմնադրութեան հանդիսութիւնները զուգադիպեցան Իսթանպուլի վազքի մարաթոնի օրուան ու այդ պատճառով քաղաքի բազմաթիւ փողոցներն ու պողոտաները մինչեւ ժամը 14.00 երթեւեկի փակ մնացին, տեղափոխութեան դժուարութիւններ ստեղծելով մարդոց համար։ Թերեւս ա_յդ է պատճառը, որ Ս. Պատարագին շատեր չկրցան ներկայ գտնուիլ ու հազիւ հասան Ս. Սեղանին։

Հակառակ այս դժուարութիւններուն, հին ու նոր Դպրեվանքցիներ կրցան մէկտեղուիլ այս առիթով ու ոգեկոչել անցեալի յիշատակները։

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երգեցողութիւնները մեկնաբանուեցան Գողթան Դպրաց Դաս երգչախումբի անդամներուն կողմէ, առաջնորդութեամբ վարիչ Յովսէփ Գույումճեանի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Արամ Սրբազան, որպէս բնաբան ընտրելով «Քաւ լիցի եթէ ես խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ´ աւետարանական խօսքը։ Սրբազան Հայրը նշեց որ Աստուած ամէն մարդու հաւասար ապրելու իրաւունք տուած է, բոլորին ալ նոյն աչքով կը նայի,բայց մարդոց աշխարհիկ կեանքին մէջ վիճակը այդպէս չէ. մարդիկ կ՚ապրին ու կը վայելեն իրենց կարողութիւններուն համաձայն, իրենց ունեցած առաւելութիւններու շնորհիւ։ «Կան երեք դասակարգի մարդիկ։ Առաջին դասակարգը կ՚ապրի ուրիշները խաբելով, կողոպտելով ու ուրիշներու ունեցուածքով։ Ասոնք անձնասէր մարդիկ են, իրենց համար կարեւորութիւն չունի թէ ո՞վ դժբախտ է եւ ո՞վ ցաւի մէջ է։ Երկրորդ դասակարգը կ՚ապրի առանց ուրիշին վնաս մը տալու, բայց առանց ուրիշի մը ամէնէն փոքր ծառայութիւն մը ընելու։ Ասոնք միայն իրենք իրենց համար է որ կ՚ապրին։ Երրորդ դասակարգի մարդիկը ոչ միայն ուրիշին վնաս չեն տար, այլ նաեւ կ՚աշխատին ուրիշ մը երջանկացնելու, Աստուծոյ տուած պարգեւներէն մաս մը հանելու ուրիշներուն։ Աստուած մեզի կուտայ, մենք ալ ուրիշներուն բաժին կը հանենք եւ այն ատեն կրնանք պարծենալ մեր ունեցուածքով, որովհետեւ ուրիշներն ալ կ՚երջանկացնենք´, ըսաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը ու ըսաւ որ մեր համայնքը պէտք է պարծենայ իր ունեցուածքով՝ եկեղեցիներով, դպրոցներով, աղքատախնամ մարմիններով, երգչախումբերով, գերեզմաններով, եւլն.։ «Այսօր կը պարծենանք այն դպրոցով, որու համար արարողութիւն կը կատարուի ու կը սիրենք յուսալ որ այլեւս այդ դպրոցի նեղութիւնները վերջ կը գտնեն´, եզրակացուց Սրբազան Հայրը։

Այս առիթով անգամ մը եւս յիշատակուեցան Դպրեվանքի երկու Երջանկայիշատակ Հիմնադիրներ Խաչատուրեան ու Գալուստեան Պատրիարքները։ Յիշատակուեցաւ նաեւ Գազանճեան Պատրիարք, որ վարժարանին առաջին տեսուչներէն մէկը եղած էր։

Կրօնական արարողութենէն ետք ներկաները անցան Պէզճեան սրահ, ուր սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան։ Այս հաւաքոյթին եւս մասնակցեցաւ Արամ Սրբազան։ Հրաւիրեալներու միջեւ կը գտնուէին Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, ազգային բարերարներ, բազմաթիւ հին Դպրեվանքցիներ, որոնք կը դիմաւորուէին Խնամակալութեան Ատենապետ Թորոս Ալճանի ու միւս խնամակալներու կողմէ։

Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի ուսուցչուհիներէն Թաթիա Մարաշեան, որ ողջունեց ներկաները։ Յետոյ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքեան, որ նշեց թէ ինք հպարտ է որ կը հանդիսանայ այս կրթօճախի իգական սեռի առաջին տնօրէնուհին։ «Դպրեվանքը միշտ ալ կարեւոր հաստատութիւն մը եղած է մեր համայնքին համար։ Ես, որպէս տնօրէնուհի, ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ, որպէսզի այս վարժարանէն ներս, բացի որակեալ կրթութենէն, ընտանեկան տաքուկ ջերմութիւն ալ սերմանուի աշակերտներուն´, դիտել տուաւ տնօրէնուհին։ Թուային տուեալներ ներկայացնելով, ան նշեց որ 2016-2017ին ունին 72 աշակերտ, որոնցմէ 21ը կ՚ուսանի գիշերօթիկ դրութեամբ։

Տնօրէնուհիի ելոյթին յաջորդեց աշակերտական երգչախումբի ելոյթը ու աշակերտները, ղեկավարութեամբ Սէրտա Քէպապճըի, հանդէս եկան սիրուած երգերու մեկնաբանութեամբ։

Ապա խօսք առաւ Թորոս Ալճան, որ մանրամասնեալ բացատրութիւններով տեղեկութիւններ տուաւ իրենց գործունէութեան վերաբերեալ, խօսեցաւ աշակերտութեան, ապագայի ծրագիրներու, կալուածները արժեւորելու, դատերու արդիւնքներու ու այժմէական այլ հարցերու մասին, միշտ ընդգծելով որ անհրաժեշտ է թափանցիկ գործունէութիւնտանիլ ու հաշուետու ըլլալ համայնքին։ Այս առիթով պատրաստուած էր նաեւ «հաշուեփակի թերթիկ մը´, ուր թուային տուեալներ կային Խնամակալութեան ելմտական ցուցանիշներու ու տեղեկութիւններ՝ հաստատութեան ամէն մարզի մասին։

Խօսքերու վերջաւորութեան, Թորոս Ալճան հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւորաբար քանի մը հաստատութիւններու, որոնք կարեւոր նպաստ բերած էին պիւտճէն հաւասարակշռելու այս նուիրահաւաքումին։ Սիրոյ Սեղանի հուսկ բանքը արտասանեց Արամ Սրբազանը, տեղեկացնելով որ հաւաքուած էր աւելի քան 800 հազար լիրա, ինչ որ կարեւոր ցուցանիշ մըն է ու մեծ համեմատութեամբ պիտի թեթեւցնէ Խնամակալութեան գործը։

Սրբազանը կրկնեց քարոզի ընթացքին ըսածները եւ շնորհաւորելով Խնամակալութիւնն ու Դպրեվանքի ընտանիքը, «Հայր Մեր´ով աւարտին բերաւ հաւաքոյթը։

ԹԱՔՍԻՄԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՏՕՆԵՑ ԻՐ 75ԱՄԵԱԿԸ

Թաքսիմ Մարմնամարզական Միութիւնը երէկ Ճէյլան Միջազգային պանդոկի սրահներուն մէջ նշեց իր հիմնարկութեան 75-ամեակը։ Իրականութեան մէջ Միութիւնը կը գտնուի իր 76րդ տարուան մէջ, բայց 75-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ։

Երէկուան ճաշկերոյթին մասնակցեցան ուշագրաւ դէմքեր, որոնց կարգին Թուրքիոյ Մարզական Նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ, Թուրք ֆութպոլի հիմնարկի նախագահ Էնկին Եէրէլ, Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, վաստակաւոր կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, եւլն։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան։

Հաւաքոյթի ընթացքին պարքովիզիոնի դրութեամբ ներկայացուեցաւ ժապաւէն մը, ուր կը ցուցադրուէին նախկին մարզիկներու արձանագրած յաջողութիւնները, յիշուեցան նշանաւոր ֆութպոլիսթ Լէֆթէրը, Նուպարիկը, Թէնէքէնճի Կարպիսը, եւայլն։

Ելոյթ ունեցաւ Թաքսիմի Միութեան Բ. Ատենապետ Ատամն. Մկրտիչ Կիւզէլեան, որ տեղեկութիւններ տուաւ Միութեան մասին։ Գիշերուան հանդիսավարն էր Շահնուր Գազանճը, որ բեմ հրաւիրեց Ատենապետ Կարօ Համամճըօղլուն, Արամ Գուրանը։ Ներկաները գոհունակութեամբ տեղեկացան որ Մարզական Նախարարութիւնը տասը տարուան համար «Սիւլէյման Սէպա´ անուն մարզադաշտը դրած է Թաքսիմի Միութեան տրամադրութեան տակ։ Այս որոշումը այսօր պաշտօնապէս պիտի վաւերացուի Մարզական Նախարարութեան կողմէ։

Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Մարգար Էսաեան, որ յայտնեց թէ կառավարութիւնը կարելի չափով օժանդակել կը շարունակէ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններուն, ի մէջ այլոց Թաքսիմի ու ասիկա պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն եւս։

Կարպիս Զաքարեանն ալ ողջունուեցաւ որպէս վաստակաւոր ու անմոռանալի մարզիկ, ներկաները ջերմօրէն ծափահարեցին զինքը։

Ապա խօսք առաւ Մարզական Նախարար Չաղաթայ Քըլըճ, որ ըսաւ որ արտասահմանը պէտք է տեսնէ որ մենք հոս եղբայրաբար ու միասնաբար կ՚ապրինք։ Նախարարը ըսաւ որ վստահ է թէ Թաքսիմի շրջանակներէն պիտի հասնին երիտասարդներ որոնք ներսը ու դուրսը պատիւով պիտի ներկայացնեն մեզ։ Մենք ալ անոնց զօրավիգ պիտի կանգնինք, ըսաւ Նախարարը։

Ապա բերուեցաւ յոբելենական տարուայ կարկանդակը, որ կտրուեցաւ բոլոր հին ու նոր մարզիկներու ձեռամբ։ Ներկաները իրենց բարեմաղթութիւններ ըրին Թաքսիմի Մարմնամարզական Միութեան։ Տեղական մամուլն ու հեռատեսիլի կայաններն ալ հետեւեցան այս հանդիսութեան։

Մենք եւս կը շնորհաւորենք Թաքսիմի Միութեան տարեդարձը ու կը գնահատենք տարուած աշխատանքը, որոնց յաջողութեան մէջ իրենց մասնաւոր բաժինը ունին Կարօ Համամճըօղլու ու Արամ Գուրան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ