«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ․
Իւրաքանչիւր անցնող օրուայ հետ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ալ աւելի բռնակալ կը դառնայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան թրքական խորհրդարանի 11 անդամներու ձերբակալութիւնը վերջինն է Էրտողանի բռնապետական քաղաքականութեան երկար շարանին մէջ:
Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ եւ Ամերիկեան ձեռներէցութեան հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին, անցեալ շաբաթ ջախջախիչ նիւթ մը հրապարակած է Էրտողանի մասին` թուարկելով անոր խայտառակ գործողութիւններէն քանի մը հատը…
Ամփոփելով ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնեմ Ռուպինի ծաւալուն յօդուածը, որ տեղադրուած էր «Նիւզուիք» ամսագրի եւրոպական հրատարակութեան կայքին մէջ` «Տասներկու հարց, որ թուրք լրագրողները չեն համարձակիր տալու» խորագիրով:
Ինչպէ՞ս Էրտողանը դարձաւ միլիառատէր:
Էրտողանը մեծցած է աղքատ ընտանիքի մը մէջ` մինչ Ստամպուլի քաղաքապետ դառնալը, երբ բախում ունեցաւ 13 փտածութեան հետաքննութիւններու: 2004 թուականին, երբ ան Թուրքիոյ վարչապետն էր, Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը Ուաշինկթըն ուղարկած հեռագիրի մը մէջ կը գրէր, որ «ան առնուազն ութ դրամատնային հաշիւներ ունի Զուիցերիոյ մէջ»: Բացի այդ, գաղտնի հեռախօսային ձայնագրութիւններէն բացայայտուեցան անոր հրահանգները` «գրեթէ մէկ միլիառ տոլար կանխիկ գումար վերացնելու մասին: Էրտողան օգտագործեց իր ազդեցութիւնը դատարաններու վրայ` դատը չեղեալ յայտարարելու եւ ձերբակալելու այն դատախազներն ու դատաւորները, որոնք կը ձգտէին հետամուտ ըլլալ ատոր»:
Ո՞ւր է Էրտողանի համալսարանական վկայականը:
Էրտողան կը պնդէ, որ 1981-ին աւարտած է Սթամպուլի Մարմարայի համալսարանը: Հնարաւոր է, որ անոր վկայականը կեղծուած է: «Քառամեայ բարձրագոյն կրթութիւնը պարտադիր նախապայման է նախագահ ըլլալու համար: Եթէ Էրտողան կը ստէ վկայականի մասին, արդեօք ան կրնա՞յ մնալ իբրեւ նախագահ»:
Արդեօք կա՞յ մէկ այլ պատմութիւն յեղաշրջման փորձի ետին:
Էրտողան ազատեց աշխատանքէ եւ բանտարկեց իր հազարաւոր քաղաքական հակառակորդները, զանոնք մեղադրելով Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները ըլլալուն մէջ, որ իբր եղած է Յուլիս 15-ի յեղաշրջման կազմակերպիչը, ինչ որ թուրք նախագահը անուանեց «պարգեւ Աստուծոյ կողմէ»:
Եթէ կայ FETO, կա՞յ արդեօք ETO:
Էրտողան Կիւլենի շարժումը կ՛անուանէ «Ֆեթուլլիստական ահաբեկչական կազմակերպութիւն (FETO)…. Եթէ թոյլատրելի է խօսիլ FETO-ի մասին իբրեւ ահաբեկչական խումբի, արդեօք հաւասարապէս ընդունելի՞ կ՛ըլլայ յիշատակել Էրտողանիստներու ահաբեկչական կազմակերպութիւնը (ETO)»:
Եթէ Կիւլենը ահաբեկիչ է, ապա ինչո՞ւ Էրտողանը կ՛աշխատէր անոր հետ մինչեւ 2013 թուականը:
Կիւլենը եւ Էրտողանը գրեթէ միեւնոյն կրօնական փիլիսոփայական սկզբունքներու կրողներ էին մինչեւ 2013 թուականի իրենց բաժանումը: Ինչո՞ւ այժմ Կիւլենը «ահաբեկիչ» կը համարուի:
Ինչո՞ւ կը հաղորդեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) յարձակումներուն մասին, բայց ոչ ԻԼԻՊ–ի:
«Երբ PKK-ն կամ քրտական ծայրայեղական խումբերը կը յարձակին, ատոնք օրեր շարունակ Թուրքիոյ մէջ գերիշխող խորագիրներ են, քանի որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, իշխանութիւնները կ՛անուանեն կասկածեալները եւ այլն… Սակայն երբ ԻԼԻՊ-ը կը յարձակի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛արգիլէ հրապարակումները հետաքննութեան մասին»:
Ինչու՞ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը կ՛օգնէ «Նուսրա ճակատ»-ին եւ ԻԼԻՊ–ին:
«Անհերքելի փաստեր կան, որ թէ «Նուսրա ճակատ»-ը` «Ալ Քայիտա»-ի սուրիական թեւը, թէ ԻԼԻՊ-ը, Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ստացած են զէնք, աջակցութիւն եւ սարքաւորումներ: Երբ լրագրողները բացայայտեցին այս պատմութիւնը եւ լուսանկարչական ապացոյցներ ներկայացուցին, Էրտողանի պատասխանը եղաւ` լուրը հրապարակած թերթի խմբագիրին ձերբակալումը: Նոյն կերպով, երբ թուրք զինուորները կանգնեցուցին զէնքի առաքումը դէպի Սուրիա, Էրտողան հրամայեց ձերբակալել ոչ թէ մաքսանենգները, այլ զինուորները…»:
Արդեօք թո՞ւրք մահապարտներու ջոկատ կանգնած էր Փարիզի սպանութիւններուն ետին:
«2013-ին մարդասպաններ մահապատժի ենթարկեցին երեք քիւրտ գործիչի, Փարիզի իրենց գրասենեակին մէջ: Անոնք երեքն ալ PKK-ի անդամներ էին… Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած Օմար Կիւնէյը 32-ամեայ թուրք մը էր, որը Ֆրանսա տեղափոխուած է 9 տարեկանին: Սպանութենէն ետք կատարուած հեռախօսազանգերու ստուգումէն պարզուած էր, որ ան ետ զանգած է Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան գործակալներուն…»:
Ինչո՞ւ Էրդողանը իր փեսային նշանակած է քարիւղային տնտեսութեան նախարար:
«էրտողանի 37-ամեայ փեսան` Պարաթ Ալպայրաքը, դարձած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար 2015-ի Նոյեմբեր 24-ին: Արդեօք ա՞ն էր ամենաբարձր որակաւորում ունեցողը, թէ՞ այլ գործօններ դեր խաղցած են»:
Կրնա՞նք խօսիլ Էրտողանի կապերուն մասին:
Էրտողանի մտերիմ ընկեր, սէուտեան գործարար Եասին ալ Քատին, ըստ ԱՄՆ գանձատան բաժանմունքին, «մեղադրուած է «Ալ Քայիտա»-ի առաջնորդ Ուսամայ Պըն Լատենի հետ մինչեւ 2014 թուականը ունեցած կապերուն մէջ»: Էրտողանը յամառօրէն յայտարարած է. «Ես կը ճանչնամ պարոն Քատին: Ես կը հաւատամ անոր, ինչպէս ես ինծի: Անհնարին է, որ պարոն Քատին կապուած ըլլայ որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կամ աջակցի անոնցմէ որեւէ մէկուն»: Էրտողանը մտերիմ է նաեւ աֆղանստանցի Կիւլպետին Հեքմաթեարի հետ, որ «կապեր ունի «Թալիպան»-ի եւ «Ալ Քայիտա»-ի հետ»: Միւս ընկերը` Խալիտ Մաշհալը («Համաս» խմբաւորման զինուած առաջնորդ), Թուրքիա ժամանած էր իբրեւ Էրտողանի անձնական հիւր…
Ի՞նչ գործարք կնքած էր Փութինի հետ:
Էրտողանն ու Փութինը, վերջերս խաղաղութիւն կնքելէ ետք, համաձայնութեան եկան կազամուղի ծրագիրին շուրջ եւ բանակցութիւններ վարեցին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հրթիռային համակարգի ձեռքբերման վերաբերեալ: Եղա՞ծ են արդեօք այլ գաղտնի համաձայնութիւններ:
Ինչո՞վ պայմանաւորուած է դատարանի կողմէ Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան փակման մերժումը:
2008-ին Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը շատ մօտ էր Էրտողանի իշխող կուսակցութեան լուծարման: Սակայն, վերջին պահուն, դատաւորներէն մէկը փոխեց իր քուէն: Պնդումներ կան, որ «գործարար մը, որ երկար ժամանակ հետապնդումներու կ՛ենթարկուէր Էրտողանի կողմէ, գումար փոխանցած է այդ դատաւորի հաշուեհամարին քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ»:
Նոյեմբեր 6-ին, Սթամպուլի մէջ դոկտորի պատուաւոր կոչում ստանալու արարողութեան ժամանակ Էրտողանը հպարտօրէն յայտարարեց. «Ինծի չ՛անհանգստացներ, որ զիս կ՛անուանեն բռնապետ. մէկ ականջէս կը մտնէ, միւսէն դուրս կու գայ»:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն» կայքը
http://www.yerakouyn.com/?p=120400
Leave a Reply