Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ աւելցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմ պատգամաւորներուն թիւը

%d5%b8%d6%82%d6%84%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%ad%d5%b8%d6%80%d5%b0%d6%80%d5%a4%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b6Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման կողմ ուքրանացի խորհրդարանակններուն թիւը երթալով կ՛աճի:

Տարբեր խմբակցութիւններէ պատգամաւորներ միացած են պատգամաւոր Վիթալի Պարուինենքոյի` Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Այդ մասին կը հաղորդէ Genocide.org.ua-ն:

Համաձայն աղբիւրին տեղեկատուութեան` 2015 թուականի ապրիլի 3-ին արձանագրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման նախաձեռնութեան միացած են «Վերածնունդ» կուսակցութենէն պատգամաւոր Տմիթրի Սուեատաշը, «Ընդդիմադիր պլոք»-էն` Միխայիլ Տոպքինը եւ Տմիթրի Տոպքինը:

Աւելի առաջ բանաձեւի ընդունման իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին պատգամաւորներ`«Ընդդիմադիր պլոք»-էն Վատիմ Նովինսքին, «Վերածնունդ» կուսակցութենէն` Ալեքսանդր Փրեսմանը, «Պեոթր Փորոշենքոյի պլոք»-էն` Դաւիթ Մակարեանը, «Ազգային ճակատ»-էն` Նիքոլայ Կնեաժիցքին, Իրինա Եւրեմովան, Իկոր Պրիչենքոն, Անաթոլի Տիրիւը, Կենադի Կրիւոշյան, Ալեքսանդր Քիրշը, Իկոր Քոտուիցքին, Վատիմ Փիտպերեզնեակը, Վալերի Լունչեքնոն:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանը ընդգծած է. «Մենք շնորհակալ ենք Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւորներուն` արդարութեան հաւատարիմ ըլլալու համար»:

2013 թուականի յունիս 6-ին Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի մէջ արձանագրուած էր 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծ: Օրինագիծի նախաձեռնողներն էին այն ժամանակ պատգամաւորներ` Վիլեն Շատուորեանը, Արսէն Աւաքովը եւ Նուէր Մխիթարեանը:

http://www.yerakouyn.com/?p=120332

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ