Կ.Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» հատորը

girq

Ստամբուլում արևմտահայերենով հրատարակվել է Գևորգ Բ. Հակոբյանի «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» գիրքը: Ստորև ներկայացնում ենք պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթի աշխատակից Մաքրուհի Բ. Հակոբյանի այն ելույթի տեքստը, որ նա ունեցել է վերոնշյալ գրքի շնորհանդեսի ժամանակ.

«Այսօր «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ սոյն հատորի շնորահանդէսին առթիւ, նախ պիտի ուզեմ քանի մը տողով անդրադառնալ գիրքի հեղինակին մասին:

Գիրքի հեղինակը Գէորգ Պ. Յակոբեան օտար մը չէ: Ան երկու տասնամեակներ առաջ կը գտնուէր մեր շրջանակին մէջ ու երկար տարիներ պաշտօն ստանձնած էր համայնքիս եկեղեցական, կրթական ու մամուլի աշխատանքներուն մէջ:

Գէորգ Պ. Յակոբեան տասը տարի հիմնադրի ներկայացուցչի պաշտօն վարած է Գումգաբուի երբեմնի Պօղոսեան Վառվառեան վարժարանի մէջ եւ մօտէն հետեւած է կրթական հարցերուն, նաեւ Կրթական Նախարարութեան կամ Տնօրէնութեան այդ թուականներու յատուկ կամայական, անարդար ու անօրէն կարգադրութիւններուն որոնք ո՛չ միայն յատուկ էին այդ վարժարանին, այլ բոլոր հայ վարժարաններու Հիմնադիր, տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ ու նոյնիսկ ծնողներն կÿապրէին այդ արուեստական դժուարութիւնները: Աւելի վերջ այս դժուարութիւններուն վրայ աւելցաւ նաեւ պաշտօնազրկումները կարգ մը տնօրէն եւ ուսուցիչներու:

Եւ մեր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ վարիչներուն միջեւ առկայ փոխյարաբերութիւններուն: Ուստի այդ թուականէն սկսեալ ծրագրած է Հայ վարժարաններու կրթական եւ ուսումնական կեանքի անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը ամփոփել հատորի մը մէջ:

Երբ ուսումնասիրել սկսած է Օսմանեան շրջանի հայ ազգային եւ մասնաւորաբար կրթական կեանքը, տեսած է որ հոն կայ անծայրածիր դաշտ մը, որ չէ մշակուած: Նկատած է որ անցեալին մօտաւորապէս հազար հայկական վարժարաններ գոյութիւն ունեցած են Օսմանեան սահմաններուն մէջ, 120 հազարէ աւելի աշակերտներով:

Այս հետաքրքրութիւնը խթան հանդիսացած է իրեն, որպէսզի պատրաստէ Իսթանպուլահայ կրթական կեանքի պատմութիւնը, գաւառներու կրթական կեանքի ու վարժարաններու հսկայ աշխատանքն ալ թողլով ապագային:

Այսօր ահաւասիկ ի ձեռին ունինք ՙՊատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու՚ խորագրեալ այս հատորը, որ այս բովանդակութեամբ եւ այս ծաւալով գրուած առաջին հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ պատմութեան մէջ:

պէտք է նկատի առնել որ պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, հայ համայնքը կրօնական, ազգային եւ ընկերային կեանքէ ներս միշտ զուգահեռ ընթացք ունեցած է պետութեան տրամադրութիւններուն հետ. փոխ յարաբերութիւններու գծով: Այս պատճառով Պոլսոյ Հայոց ուսումնական ու կրթական կեանքի պատմութիւնը իր մէջ կը պարունակէ նաեւ պետական քաղաքական, ազգային ու կրօնական վերիվայրումներու պատմութիւնը:

Գիրքը ամփոփուած է հինգ անջատ գլուխներու ներքեւ, առանձին խորագիրներով:

Առաջին գլուխը կը կրէ ՙԸնդհանուր ակնարկ նախքան 1790 թուականը՚ խորագիրը:

Այս խորագրին տակ հեղինակը պատմական տուեալներու հիման վրայ համառօտ կերպով կ′անդրադառնայ Պոլսոյ Հայ ժողովուրդի գաղթականութեան ազդակներուն, Բիւզանդական շրջանի Հայոց կեանքին, Կոստանդնուպոլսոյ առումին, Հայոց Պատրիարքութեան հաստատման, Հայ համայնքի կազմութեան ու նաեւ Օսմանեան հայոց մէջ Կրթական շարժման սկզբնաւորութեան:

Հակիրճ տողերով տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան հաստատման պարագաներու, Վենետիկի Ս. Ղազար եւ Վիեննայի Ս. Աստուածածին մենաստաններու հաստատման, անդրադառնալով դարերու ընթացքին այս զոյգ միաբանութիւններու կատարած կրօնական, ազգային, կրթական, պատմական, թարգմանչական, պատմա-բանասիրական, հրատարակչական ու այլ բնագաւառներէ ներս կատարած անուրանալի դերին: Կÿանդրադառնայ Հայ եկեղեցւոյ ծոցէն յարանուանութեանց բաժանումի տխուր պատկերին, աշխարհաբար լեզուն ստեղծելու անհրաժեշտութեան, եւ այս ուղղութեամբ քրտինք հոսեցուցած երախտաւորներու գործունէութեան:

Երկրորդ բաժինը ունի ՙԿրթական շարժումը ու զարգացումը մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակում՚ խորագիրը:

Այս խորագրին տակ, յատուկ տեղ տրուած է Շնորհք Մկրտիչ Ամիրայի կեանքին, հրատարակչական գործունէութեան ու մասնաւորաբար իր հաստատած անդրանիկ թաղային վարժարանին, 1790-1851 թուականներու միչեւ կատարուած կրթական առաջին գործունէութեան, թաղային առաջին կրթարաններու եւ անոնց կիրարկաց ուսման ծրագիրներու մշակման,   Ուսումնական Խորհուրդի կազմութեան եւ գործունէութեան, ազգային վարժարաններու բարեկարգութեան, Ազգային Կեդրոնական եւ Ուսումնական Խորհրդի կողմէ հրատարակուած ու հրապարակուած տեղեկագիր, կանոնագրութիւն, եւ համարատուութիւններու կարեւորութեան, նախնական կրթութեան հիման վրայ հաստատուած կազմական կանոնագրութեան, Հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ կառավարութեան գործադրութիւններուն. Ազգային Սահմանադրութեան ծագման եւ զարգացման, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ պետութեան գործունէութիւններուն ու միջամտութիւններուն, 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան. 1909-ի հակայեղափոխական շարժման ու Ատանայի կոտորածի տխուր պատկերին, Կրթական գործի զարգացման աշխատանքներու ընթացքին պետական միջամտութիւններուն, Պալքանեան զոյք պատերազմներու խղճալի կացութեան, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տխուր տարիներուն, Պոլսահայ ազգային, կրօնական, կրթական, ուսումնական, բարեգործական եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի քայքայման, տեղահանութեան պարագաներուն, Զաւէն Պատրիարքի աքսորման պայմաններուն, զինադադարի հաստատման, որբանոցներ հաստատելու անհրաժեշտութեան, Ազգային Խնամատարութեան հաստատման ու գործունէութեան, Հայ որբերու ու գաղթականներու արտասահման փոխադրութեան, Անկախ Հայաստանի հռչակման ու Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման, վերջապէս  ոչնջացման  եզրին նոր շրջանի մը  հաստատման:

 Երրորդ գլուխը կը կրէ ՙԹուրքիոյ Հանրապետութեան շրջան՚ խորագիրը: Հեղինակը այս խորագրին տակ, կանդրադառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման, Թուրք-Հայ Բարձրացման Միութեան ստեղծման ու գործունէութեան, Լոզանի դաշնագրի վաւերացման, Լոզանի միջազգային դաշնագրի Փոքրամասնութիւններու սահմանած յատուկ իրաւունքներու գործադրութեան հիման վրայ Ազգային Սահմանադրութեան սահմանափակման ու մասնակի իրականացման, Թրքահայ ազգային, կրթական, ընկերային ու համայնքային կեանքի վերակազմութեան,  Հայ վարժարաններէն ներս Հանրապետութեան շրջանին պետական ծրագրի  պարտադրաբար կիրարկման, Հայոց Պատրիարքներու յաջորդական ընտրութեանց, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Ազգային Վարչութեան,  եւ այլ  Խորհուրդներու  ջնջման, հայերէն  դասագիրքերու պատրաստութեան, ուսուցիչներու դասաւանդութեան վաւերացման, մասնաւոր վարժարաններու յատուկ յաջորդական օրէնքներու կիրարկութեան, քաղաքական պայմաններու բերմամբ հայ վարժարաններու, մասնաւորաբար գաւառէն Պոլիս գաղթող աշակերտներու արձանագրութեան նկատմամբ ստեղծուած դժուարութեանց, պատմութեան ընթացքին ուսուցչաց միութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան շարժումին, այժմու  Ուսուցչաց Միութեան եւ  Հիմնարկի հաստատման, աշակերտներու ամառնային արձակուրդի համար Կազդուրման Կայաններու հաստատման եւ գործունէութեան ու նաեւ պատմութեան ընթացքին Հայ Մարմնակրթութեան Միութեան հաստատման, վարժարաններէն ներս այս մարզին տրուած կարեւորութեան,  թաղային ակումբներու հաստատման ու ողիմպիական խաղերու հրապարակային իրագործման:

Չորրորդ բաժինը կը կրէ ՙԿրթական հաստատութիւններª որոնք գոյութիւն ունեցան կամ ունին երկու դարերու ընթացքին՚ խորագիրը:

Այս խորագրին ներքեւ չորս ենթախորագիրներու տակ կը տրուին բացատրութիւններ Պոլսոյ մէջ հաստատուած բոլոր վարժարաններու մասին:

   Ա.- Հայ Ազգային վարժարաններ,

   Բ.- Հայ Կաթոլիկ վարժարաններ,

   Գ.- Հայ Աւետարանական վարժարան,  եւ

   Դ.- Անհատական վարժարաններ:

Այսպէսª տեղեկութիւններ կը տրուին մօտաւորապէս 171 վարժարաններու մասին որոնք գոյութիւն ունեցած են Պոլսոյ մէջ: Ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են վարժարաններու հաստատման պայմանները, կրթական ծրագրի կիրարկութիւնները, դասաւանդութեան եղանակները:   Շեշտը դրուած է այն իրողութեան վրայ որ ներկային այդ 171 վարժարաններէն միայն 16 հատը կրցած է պահել իր գոյութիւնը, հազիւ 3000 երկսեռ աշակերտներով:

Այս բաժնին մէջ հեղինակը տեղ տուած է նաեւ Պոլսոյ մէջ պաշտօնապէս հաստատուած կարի ու ձեւագիտութեան դասընթացք կամ լսարաններու, որոնք համախմբած են իգական սեռի հայ եւ օտար ներկայացուցիչները, անոնց փոխանցելով ձեռային աշխատանքներու նրբութիւնները, նաեւ ապահովելով որ անոնք ի ձեռին ունենան Կրթական Տնօրէնութենէն վաւերացուած վկայականներ:

Գիրքը աւարտին կը հասնի հինգերորդ բաժնով: Այս բաժնին մէջ կը ներկայացուի 1902, 1904, 1905, 1929, թուականներու Պոլսոյ հայ վարժարաններու աշակերտներու վիճակացոյցը: Ասոր առընթեր հինին հետ բաղդատական մը ընելու նպատակով կը ներկայացուին 1961-2014 թուականներու ցուցակները:

Այս բաժնին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ վարժարաններու ընդհանուր ցանկերը,  նաեւ գործօն վարժարաններու անունները, անոնց Հիմնադիր եւ Տնօրէններու անուանացանկերը:

Որպէս վերջաբան պէտք է շեշտել որ այս գիրքը արդիւնք է հեղինակի 10 տարուան հետեւողական եւ սպառիչ աշխատանքին:

Գիրքը, որ կը բաղկանայ 800 էջերէ. հեղինակի կողմէ նուիրուած է մեր պաշտելի հօր՝ Վահան Պ. Յակոբեանի անմոռաց յիշատակին:

Գիրքի յառաջաբանը գրի առնուած է Մարմարայի Խմբագրապետ գրագէտ եւ հրապարակագիր Ռ. Հատտէճեանի կողմէ, իսկ խմբագրութիւնն ու սրբագրութիւնը կատարուած է Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ:

Հատորին հրատարակութիւնը իրականացած է ՙՓարոս՚ ամսագրի ժրաջան խմբագրապետ Տիկին Մայտա Սարիսի գլխաւորութեամբ,. խմբագրական կազմի բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ:

Գիրքին մեկենասը հանդիսացած է Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը»:

Akunq.net

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ