Կարօ Փայլանի ձերբակալութեան մասին լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան

CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 100

Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր Ժողովուդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) անդամներուն դէմ իրականացուած ոստիկանական գործողութեան ընթացքին հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան չէ ձերբակալուած:

Կարօ Փայլանի ձերբակալման մասին ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած լուրը Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին հերքած է անոր մամուլի խօսնակ Թամար Նալճըն:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու եւ Ժողովուդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին` կուսակցութեան ձերբակալուած անդամներն են` Սելահաթթին Ըէմիրթաշը, Ֆիգեն Եուքսեքտաղը, Իտրիս Պալուքենը, Սըրրը Սիւրէեայ Օնդերը, Ֆերհաթ Էնջուն, Կիւլսեր Եըլտըրըմը, Սելմայ Ըրմաքը, Զիյա Փիրը, Նուրսել Այտողանը, Լեյլա Պիրլիքը, Ապտուլլահ Զէյտանը:

ԺԺԿ անդամներուն դէմ իրականացուած ոստիկանական գործողութենէն ետք Կարօ Փայլան Twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ գրած է հետեւեալը.

«Ո՛չ ներսը (նկատի ունի բանտը), ո՛չ դուրսը երբեք վիզ չենք խոնարհեր:

«Մեր ապրած տարին 1915-ն է, օրը` Ապրիլ 24: Թոյլ չենք տար, որ մեր երկիրը, մեր երիտասարդները այդ ֆաշիստները եւս մէկ անգամ այրեն»:

Յիշեցնենք, որ Տիարպեքիրի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովուդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 անդամներ, որոնց մէջ` կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տէմիրթաշն ու Ֆիգեն Եուքսեքտաղը:

Դեռ Մայիս ամսուն Թուրքիոյ խորհրդարանական սահմանադրական յանձնաժողովը ընդունած է ԺԺԿ խմբակցութեան շարք մը պատգամաւորներու անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին որոշում:

http://www.yerakouyn.com/?p=120202

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ