Էրտողան. «Մեզ չի հետաքրքրեր, թէ Արեւմուտքը եւ միջազգային ընտանիքը ի՛նչ կ՛ըսեն»

erdoganԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իրեն չի հետաքրքրեր, թէ արեւմուտքն ու միջազգային ընտանիքը ի՛նչ կ՛ըսեն, եւ անոնց պետութիւններէն ոչինչ կը սպասէ:

Էրտողան Պոլսոյ Առողջապահական գիտութեանց համալսարանէն պատուոյ դոկտորի աստիճան ստանալուն առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց. «Արեւմուտքը երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան ջնջումը կը նկատէ ժողովրդավարութեան անյարիր երեւոյթ, սակայն այն երեսփոխանները, որոնց վկայութիւնը պահանջեցինք, մերժեցին, մեզի կը սպառնային, եւ անոնցմէ ոմանք հարիւրաւորներու սպանութեան պատճառ դարձած ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան կ՛աջակցին»:

«Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները կը շարունակեն զօրակցիլ ՔԱԿ-ին, հակառակ անոր որ ահաբեկչութեան հարցերով 14 թղթածրարներ անոնց ներկայացուցինք, անոնց վերաբերեալ պատասխան չեն տար, ինչպէս նաեւ եւրոպական պետութիւնները ահաբեկչական ՔԱԿ-ի կատարած հաւաքները կը նկատեն քաղաքական, եւ մենք երբեք պիտի չհասկնանք անոնց կեցուածքը», նշեց ան:

«Հապերթիւրք» հաղորդեց, որ Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները հրատապ հանդիպումի հրաւիրուած են: Անոնք քննարկած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 երեսփոխաններու, ներառեալ համանախագահներու ձերբակալումէն ետք Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Անմիջական հանդիպումին բերումով որոշուած է Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ դիւանագիտական ծառայութիւն կատարող Թուրքիոյ դեսպանները կանչել միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններ եւ բացատրութիւն պահանջել:

Արդէն Պելճիքայի, Շուէտի եւ Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանները կանչուած են այդ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններ: 4 նոյեմբերի առաւօտեան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Թուրքիոյ դեսպանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի նախապէս յայտարարութիւն հրապարակելով Եւրոպական Միութեան խոր մտահոգութիւնը յայտնած էր քիւրտ ընդդիմադիր երեսփոխաններու ձերբակալութեան առնչութեամբ: Ան յայտնած էր, որ այս առնչութեամբ ան Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպաններու արտակարգ հանդիպում հրաւիրած է:

«Տէօչէ Վելլէ» հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդագրութեան ընթացքին Շուլց քննադատած է քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահներու ձերբակալութեան փաստը` ընդգծելով, որ այդպիսի քայլով Թուրքիան կը հեռանայ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն, իսկ Եւրոպայի հետ համագործակցութիւնը կը դառնայ կասկածելի:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Մոկերինի եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հան նոյն հարցով միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են:

«Եւրոպական Միութիւնը լրջօրէն մտահոգուած է ձերբակալման փաստին առնչութեամբ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը անդամներու, որոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական գործողութիւններու աջակցելու մէջ: Այս զարգացումները գումարուած են այն մտահոգութիւններուն, որոնք մենք յայտնած ենք այս տարուան մայիսին ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած աւելի քան 130 երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու ժամանակ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Անոնք օրինական նկատած են Թուրքիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ կատարուող գործողութիւնները, սակայն ընդգծած են, որ անոնք պէտք չէ հակասեն ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներուն:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Թուրքիան պաշտպանէ իր խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնը` ներառեալ յարգելով մարդու իրաւունքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը, եւ մենք մեր ակնկալիքները ուղղակիօրէն կը փոխանցենք թրքական իշխանութիւններուն: Եւրոպական Միութիւնը Եւրոպական խորհուրդին հետ պիտի շարունակէ ուշադիր կերպով հետեւիլ կացութեան` մնայուն կապի մէջ ըլլալով Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ», կը նշուի Մոկերինիի եւ Հասի յայտարարութեան վերջաւորութեան:

Եւրոպական խորհուրդի` Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փերի` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն, «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութեան ըսած է, որ Պրիւքսէլը յստակ ազդանշանի կը սպասէ Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները առկախելու վերաբերեալ:

http://www.aztagdaily.com/archives/323355

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ