Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը համերաշխութիւն յայտնած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, կը հաղորդէ «Երկիր մեդիա»-ն:
Յայտարարութիւն տարածած յանձնախումբը դատապարտած է կուսակցութեան համանախագահներուն եւ պատգամաւորներուն ձերբակալութիւնը:
«Խստագոյնս կը դատապարտենք Էրտողանն եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը` ԺԺԿ-ի համանախագահներ Տէմիրթաշի եւ Եուքսէթտաղի, ինչպէս նաեւ 9 պատգամաւորներու ապօրինի ձերբակալութեան համար»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը նոյնպէս արձագանգած էր միջադէպին` կոչ ընելով իրենց հետեւորդներուն այդ հարցով անյապաղ դիմել ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիին:
Կառոյցը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ կոչ ընելով՝ գրած է․ «Ուշ երեկոյեան Թուրքիոյ կառավարութիւնը գործողութիւններ սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսացկութեան դէմ: ANCA-ն (ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակը) իր կողմնակիցներուն կը խնդրէ նամակով դիմել ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերիին` յորդորելով անոր վճռական քայլեր ձեռնարկելու Էրտողանի` Թուրքիոյ մէջ մնացած վերջին ժողովրդավարական կուսակցութիւնը լռեցնելու ջանքերուն դէմ»։
Հայ Դատը իր էջին մէջ տեղադրած է նաեւ կուսակցութեան լուսանկարը` «Ազատութիւն` ԺԺԿ-ին» (#FreeHDP) գրութեամբ:
Leave a Reply