Հայ երեսփոխանը կը պահանջէ պահպանել Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու գերեզմանատուները

%d5%bd%d5%a5%d5%ac%d5%ab%d5%b6%d5%a1-%d5%bf%d5%b8%d5%b2%d5%a1%d5%b6ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ցանկով ընտրուած հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան նոյեմբեր 3ին բարձրացուց մէկ օր առաջ Ատըեաման քաղաքի ասորական գերեզմաննոցի պղծման հարցը՝ պահանջելով պահպանութեան տակ առնել բոլոր փոքրամասնութիւններուն գերեզմանատուները: Խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, Տողան ոչիսլամներու գերեզմաննոցներուն նկատմամբ տեղի ունեցող ոտնձգութիւնները որակեց իբրեւ յարձակում՝ միասին ապրելու մշակոյթին վրայ:

Տողան նաեւ նշեց, որ ասորական Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ կից գտնուող գերեզմանատունը նման յարձակումի ենթարկուած էր նաեւ 2006ին: Հայ պատգամաւորը յիշեցուց հայկական գերեզմանատուներուն դէմ ոտնձգութիւնները, յատկապէս՝ գանձ որոնողներու կողմէ: Ան նաեւ պահանջեց անյապաղ յայտնաբերել եւ պատժել յարձակումը կատարողները:

Նշենք, որ ասորական գերեզմանատան վրայ յարձակումին ընթացքին պղծուած են 10 գերեզմաններ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ