Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակ Օզտեմիրը վիրաւորողները տուգանուած են

%d5%b3%d5%a5%d5%b4-%d6%85%d5%a6%d5%bf%d5%a5%d5%b4%d5%ab%d6%80Գերմանական դատարանը տուգանած է 2 անձ, որոնք վիրաւորած եւ սպառնացած են Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) պատգամաւորներ Ճեմ Օզտեմիրին եւ Սեւիմ Տաղտելենին:

«Կանաչներու կուսակցութեան» համանախագահ Օզտեմիրը եւ «Ձախերու կուսակցութիւն»-ը ներկայացնող Տաղտելենը, ըստ «Deutsche Welle» գերմանական լրատուականի թրքական ծառայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման պատճառով անոնք լրատուամիջոցներու մէջ ատելութեան եւ վիրաւորանքներու թիրախ դարձած են, կը փոխանցէ ermenihaber.am-ը:

Կը նշուի, որ վիրաւորանք հասցնող թուրքերէն մէկը տուգանուած է 600, միւսը` 700 եւրոյով:

Պատգամուոր Տաղտելենը ողջունած է դատարանի այդ որոշումը եւ յոյս յայտնած, որ ատիկա զսպող ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Պատգամաւորը ընդգծած է, որ բացի վիրաւորանքներէն եղած են նաեւ բռնութեան եւ մահուան սպառնալիքներ, որոնք նոյնպէս պէտք է չէզոքացնել:

Ճեմ Օզտեմիր դրական գնահատած է, որ վիրաւորանքը եւ սպառնալիքը պատժելի արարք դիտուած են դատարանին կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր։ Բանաձեւին համահեղինակն էր ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիրը: Բանաձեւը ընդունուած էր գրեթէ միաձայն: Կողմ քուէարկած էին նաեւ Պունտեսթակի` ազգութեամբ 11 թուրք պատգամաւորները:

http://www.yerakouyn.com/?p=120178

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ