«Անոնք ձախողեցան…». Տիգրանակերտէն ժամանած հայ երիտասարդին գրառումը Ծիծեռնակաբերդի յուշամատեանին մէջ

%d5%bd%d5%bf%d5%a5%d6%83%d5%a1%d5%b6-%d5%a5%d6%83%d6%80%d5%a5%d5%b4%d5%a5%d5%a1%d5%b6Ծիծեռնակաբերդ այցելած, հայկական Տիգրանակերտ (Դիարբեքիր) քաղաքէն Երեւան ժամանած Ստեփան Եփրեմեան Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ իր յոյզերուն մասին գրութիւն թողած է, ուր կ՛ըսէ.

«…Կ՛ապրիմ իմ հողիս վրայ, եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ ու մահանալ ճիշդ ձեզի պէս, Հրանդի պէս, Սեւակի պէս…

Պապի՛կ, մէկ բան կայ, որ իրենք (թուրքերը) մոռցած են, մէկ բան կայ, զոր չեն կրցած յաջողցնել. մեզի ձեզմէ եւ զիս քեզմէ չկրցան բաժնել: Չկրցան զիս զրկել քեզի պէս խօսելէն, աղօթելէն, երգելէն, մէկ խօսքով՝ քեզի պէս ապրելէն: Որովհետեւ գլուխիս մէջ եղած սահմանները ոչնչացուցի, ինչպէս որ դուն սորվեցուցեր էիր մայրիկիս եւ հայրիկիս, եւ ինչպէս որ անոնք սորվեցուցին ինծի: Կամուրջ նետեցի դէպի սէր տանող ամէն ճանապարհ: Երեւանէն դէպի Տիգրանակերտ, այնտեղէն՝ Քիահթա… այնտեղէն ալ՝ ամէն տեղ, ուր վայրի սիրտը ձեզի հետ է… Լոյսերու մէջ եղէք»:

Տիարպեքիրցի Տիար Ստեփան Եփրեմեան

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ