«Կեթի» թանգարանի ձեռագրաց բաժանմունքի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Էլիզապէթ Մորիսընի հրաւէրով, երեքշաբթի, հոկտեմբեր 25-ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարկիսով, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանն ու Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան այցելեցին «Կեթի» թանգարանը, ուր հրապարակաւ կը ցուցադրուին 13-րդ դարու «Զէյթունի Աւետարան»-ի ձեռագիր մագաղաթէն պատառիկներ, որ գործն է միջնադարու կիլիկեան մանրանկարչութեան լաւագոյն ծաղկողներէն՝ Թորոս Ռոսլինի։ Այցելութեան ընթացքին ներկայ էր նաեւ թանգարանի տեղեկատուական բաժանմունքի եւ հանրային հարցերու պատասխանատու փոխտնօրէն Ճան Կիւրինին, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։
Այցելուները հիւրասիրութեամբ պատուըւեցան թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ. ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր՝ առնչուած Հայ Մշակոյթի ամսուան, հայ-ամերիկեան համայնքի հարցերուն եւ համագործակցութեան։
Սրբազան հայրը թանգարանին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին հրատարակութենէն՝ «The Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission»-էն օրինակ մը։
Հայ Մշակոյթի ամսուան առթիւ, «Զէյթունի Աւետարան»ի ձեռագիր մագաղաթներու պատառիկները հրապարակաւ կը ցուցադրուին հանրութեան մինչեւ 1 Յունուար 2017։ Կը հրաւիրենք մեր համայնքի զաւակները, որ անձամբ այցելեն եւ վայելեն միջնադարու կիլիկեան մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն համարուող «Զէյթունի Աւետարան»ի սոյն ձեռագիր մագաղաթը։
http://www.yerakouyn.com/?p=120012
Leave a Reply