Քուրթուլմուշ. «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի ըստ ծրագիրին»

numan-kurtulmusԹուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի ըստ սկիզբէն ճշդուած ծրագիրին, «եւ աշխատանք կը տանինք հինգ հազար քիլոմեթր տարածութեամբ ապահով գօտի մը ստեղծելու»:

«Թուրքիան ձեռնածալ պիտի չմնայ Իրաքի մէջ Մուսուլի ազատագրման գործողութեան ընթացքին Թելաֆրի մէջ ընկերութեան յարանուանական կամ ազգային պատկերի որեւէ փոփոխութեան դիմաց», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի Միացեալ Նահանգներու կողմէ արտայանձնման հարցին, Քուրթուլմուշ ըսաւ, որ այդ հարցը արագացած է, եւ պէտք է գրաւել Կիւլենի օգտագործած հաղորդակցութեան միջոցները:

http://www.aztagdaily.com/archives/322528

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ