Թուրքիա կը պատրաստուի նախագահական դրութեան անցնելու

ankaraՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ նախագահական դրութիւն հաստատելու հարցը դարձեալ դրուած է առաջնահերթ նիւթերու ցանկին վրայ։ Յայտնի է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ամէն միջոցի պիտի դիմէ, որպէսզի սահմանադրական փոփոխութեան ճամբով երկրին մէջ հաստատուի նախագահական դրութիւն։

Առայժմ, գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը խստօրէն դէմ է այս գաղափարին, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կողմնակից նկատուեցաւ, երբ կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելի յանձնարարեց իշխող կուսակցութեան, որ նախագահական դրութեան մասին սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը անյապաղ խորհրդարան բերէ։ Թէեւ այդ կուսակցութեան շրջանակներէն ներս ոմանք կը պնդեն, թէ Պահչելիի այս յանձնարարութիւնը չի նշանակեր կողմնակից ըլլալ նախագահական դրութեան, սակայն առայժմ իշխող կուսակցութեան հաշիւները հիմնուած են այդ ենթադրութեան վրայ։

Թուրքիա միջոցէ մը ի վեր արդէն գործնականապէս անցած է նախագահական դրութեան, եւ նախագահ Էրտողան Թուրքիոյ քաղաքականութեան ուղղութիւն ցոյց տուող գլխաւոր անձը դարձած է։ Սակայն, այս դրութիւնը օրէնքով հաստատուած չէ տակաւին։ Ատոր համար ալ հարկաւոր են խորհրդարանական 367 քուէներ։ Եթէ 367 քուէ չստացուի ու ապահովուի միայն 330 քուէ, այն ատեն առաջարկը պիտի դրուի հանրաքուէի։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ