Թրքական Haberola.com լրատուական կայքը Ատրպէյճանը «շինծու» կոչած է:
Ըստ Haqqin.az-ի` նման որակման պատճառ դարձած է այն, որ դիւանագիտական, ծառայողական եւ յատուկ անձնագիրներ ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան Իրաք առանց վիզայի մտնել:
«Նոյնիսկ շինծու Ատրպէյճանը, որ խօսքով մեզ եղբայր կը կոչէ, թուրքերէն վիզա կը պահանջէ: Քանի դեռ Ատրպէյճան կը պնդէ այդ ամօթալի որոշման հարցով, Թուրքիոյ համար առանց վիզայի երկիրներու թիւին աւելցաւ նաեւ Իրաքը»,- ըստ News.am-ի՝ կը գրէ Haberola-ն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ հոկտեմբեր 28-էն ուժի մէջ կը մտնէ վիզային պարզեցման վերաբերեալ կնքուած նոր պայմանագիրը: Պայմանագիրին համաձայն երկու երկիրներու այն քաղաքացիները, որոնք ունին դիւանագիտական, ծառայողական կամ յատուկ անձնագիրներ, կրնան փոխայցելութիւններ կատարել առանց վիզայի:
http://www.yerakouyn.com/?p=119819
Leave a Reply