Թրքական պարբերականը Ատրպէյճանը «շինծու» կոչած է

haberolacom-1Թրքական Haberola.com լրատուական կայքը Ատրպէյճանը «շինծու» կոչած է:

Ըստ Haqqin.az-ի` նման որակման պատճառ դարձած է այն, որ դիւանագիտական, ծառայողական եւ յատուկ անձնագիրներ ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան Իրաք առանց վիզայի մտնել:

«Նոյնիսկ շինծու Ատրպէյճանը, որ խօսքով մեզ եղբայր կը կոչէ, թուրքերէն վիզա կը պահանջէ: Քանի դեռ Ատրպէյճան կը պնդէ այդ ամօթալի որոշման հարցով, Թուրքիոյ համար առանց վիզայի երկիրներու թիւին աւելցաւ նաեւ Իրաքը»,-  ըստ News.am-ի՝ կը գրէ Haberola-ն:

Նշենք, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ հոկտեմբեր 28-էն ուժի մէջ կը մտնէ վիզային պարզեցման վերաբերեալ կնքուած նոր պայմանագիրը: Պայմանագիրին համաձայն երկու երկիրներու այն քաղաքացիները, որոնք ունին դիւանագիտական, ծառայողական կամ յատուկ անձնագիրներ, կրնան փոխայցելութիւններ կատարել առանց վիզայի:

http://www.yerakouyn.com/?p=119819

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ