ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Մարտիկ Մատէնճեանի առաջին գիրքը՝ «Ravished Paradise», մրցանակ շահելէն ետք 2016ի «Hollywood Books Fes-tival»ի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ, քաջալերուած այդ յաջողութեամբ՝ հեղինակը կը հրատարակէ շարքին երկրորդ հատորը՝ «Reclaiming Ravished Paradise, Aftermath Armenian Genocide» խորագիրով:
Ֆրանսայի կողմէ խաբուած եւ այդ խաբէութեան հետեւանքով Լիբանան, Սուրիա եւ աշխարհով մէկ Սփիւռք դարձած հայութեան վերապրումի ու ինքնակազմակերպումի պատմութիւնն է սոյն հատորը, բայց իրեն մէջ նաեւ կ՛ընդգրկէ պահանջատիրութեան համար մղուած պայքարները՝ սկիզբէն մինչեւ Արցախի ազատագրութեան պայքարի ժամանակաշրջան, հասնելով մինչեւ 2001 թուական:
«Շուրջ դար մը պատմութիւն տեղաւորած էք ձեր գիրքին մէջ», գրած է Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր դրուատական նամակին մէջ, ուղղուած՝ հատորի հայերէն հրատարակութեան, որ կը կրէ «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» խորագիրը:
Մարտիկ Մատէնճեան անձնական միջոցներով կը մղէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր տարածման պայքարը: Շաբաթ, Նոյեմբեր 5ին, կ.ե. ժամը 3-5, Ալթատինայի Հանրային գրադարանին մէջ (600 East Mariposa St., Altadena, CA 91001) Մատէնճեան պիտի ներկայացնէ մրցանակակիր «Ravished Paradise։ Forced March to Nothingness» գիրքը: Այդ առիթով, տեղացիներ պիտի իմանան Հայոց Ցեղասպանութեան, հարիւր տարի առաջ հայութեան ապրած տառապանքներուն եւ սարսռազդեցիկ դէպքերուն մասին:
«Կը փափաքիմ, որ Ալթատինայի շրջանը կամ մօտակայքը ապրող հայութիւնը բազմութեամբ ներկայ գտնուի, որպէսզի օտարներուն ցոյց տանք մեր Դատին հանդէպ մեր ունեցած հետաքրքրութիւնը», կը յայտնէ Մատէնճեան։
Մուտքը ազատ է եւ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Asbarez.com
Leave a Reply