ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական հեղինակաւոր «Ինտիփենտընթ» թերթին մէջ Քրիսթոֆըր Հութըն գրած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմին դէմ թրքական ապաքարոզչական արշաւին մասին։
Յօդուածագիրը զարմանք կը յայտնէ, որ ցարդ հանրային միայն երեք ցուցադրութիւններէ ետք, ֆիլմը մեծ թիւով արժեւորումներ ստացած է՝ կատակով յայտնելով, թէ հաւանաբար ցուցադրութիւնները հսկայական սրահներու մէջ տեղի ունեցած են…
Հութըն կը նշէ, որ Թերի Ճորճի բեմադրած շարժապատկերին մասին Շարժապատկերներու համացանցային արխիւին՝ «IMDb»ի (Internet Movie Database) կայքին վրայ արտայայտուողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կա՛մ 10 նիշ, կա՛մ 1 նիշ տուած է անոր, իսկ «քուէ»ներուն մեծամասնութիւնը եկած է Ամերիկայի դուրսէն՝ ակնարկելով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար պայքար տանող թուրքերուն։
Ան կը նշէ նաեւ, որ Հոկտեմբեր 25ի տուեալներով՝ ֆիլմին համար ցարդ քուէարկած է 86,704 հոգի, որոնց 63.6 տոկոսը (55,126 հոգի) 1 նիշ տուած է, իսկ 30,639 հոգի, կամ՝ 35.3 տոկոսը՝ 10 նիշ։
«Էրմենիհապեր»ը այս մասին կը գրէ, թէ թրքական շարք մը համացանցային կայքերու վրայ, ««Խոստում»ին ցած նիշ տանք» անունով արշաւ կը տարուի։
Asbarez.com
Leave a Reply