Էրտողան կ՛ուզէ կառավարման համակարգը փոխել, որպէսզի պատասխանատուութիւն չկրէ երկրին մէջ տեղի ունեցողին համար․ Սելինա Տողան

%d5%bd%d5%a5%d5%ac%d5%ab%d5%b6%d5%a1-%d5%bf%d5%b8%d5%b2%d5%a1%d5%b6Թուրքիոյ խորհրդարանի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան «Թերթ.ամ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Մեր կուսակցութիւնը կտրուկ կերպով դէմ է, որ Թուրքիան անցնի նախագահական կառավարման համակարգին»:

«Ես կու գամ Միացեալ Նահանգներէն, մենք այդտեղ քննարկած ենք նախագահական բնորդի կառավարումը: Նախագահական համակարգը իշխանութեան անկախութեան գրաւականն է, ատիկա պիտի աջակցի իշխանութեան», ըսած է ան:

Սելինա Տողան նշած է, որ Թուրքիան նախագահական համակարգի կարիք չունի, այլ` ժողովրդավարական համակարգի անցնելու անհրաժեշտութիւն. «Մենք կարիք ունինք ժողովրդավարական համակարգերու, անկախ արդարադատութեան, մարդու իրաւունքներու` ազատ խօսքի իրաւունքի, հանրահաւաքներ կատարելու իրաւունքներու եւ այլն»:

Հայազգի երեսփոխանը նշած է, որ չի կրնար ըսել` արդեօք իշխող կուսակցութիւնը պիտի յաջողի՞ կատարել սահմանադրական փոփոխութիւնները, թէ՞ ոչ:

«Տէ ֆաքթօ մենք ունինք նախագահական համակարգ: Երկրին նախագահը մշտապէս ճնշումներ կը գործադրէ արդարադատութեան համակարգին, մամուլին վրայ», ըսած է Սելինա Տողան:

Անոր կարծիքով` Էրտողան կ՛ուզէ երկրին մէջ կառավարման համակարգը փոխել, որպէսզի ինք պատասխանատուութիւն չկրէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցողին համար:

«Ան չ՛ուզեր պատասխանատուութիւն ունենալ որեւէ բանի համար», ըսած է ան:

Սելինա Տողան նշած է, որ երկրին մէջ կառավարման համակարգը չփոխելու համար իրենց կուսակցութիւնը կը փորձէ հասարակութեան կառավարման համակարգը փոխելէ ետք հետեւանքները բացատրել:

http://www.yerakouyn.com/?p=119666

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ