Սպանիոյ Մալակա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

%d5%b4%d5%a1%d5%ac%d5%a1%d5%af%d5%a1ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սպանիոյ Մալակա քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է յայտարարութիւն մը, որով պաշտօնապէս կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Վաւերացուած յայտարարութեան մէջ, նախորդ դարասկիզբին տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ձեւաւորուեցաւ Հայկական Սփիւռքը:

Մալակայի քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց աշխարհասփիւռ հայութեան՝ միաժամանակ նշելով, որ մօտակայ ժամանակաշրջանին քաղաքապետարանը Մալակայի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ պիտի տեղադրէ հայկական խաչքար մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2016
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ