«Արմէնոյտ» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիներ» վաւերագրական շարժապատկերին բացումը (opening scene), այդ դասակարգին մէջ թեկնածու դարձած է Սանքոսթ շրջանի «Էմի» մրցանակին։ Նշենք, որ «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական շարժապատկերի բեմադրիչ Մարոնեան նախապէս 4 շրջանային մրցանակներ խլած է։
Հայոց Ցեղասպանութեան կանանց նուիրուած «1915-ի կիներ» ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այս տարուան Յունիսին, Նիւ Ճըրզիի մէջ։
Ֆիլմը նոյեմբեր 5-ին պիտի ցուցադրուի Հոլիվուտի «Իճիփշըն» սրահին մէջ, «Արփա» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին։Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել contact info@armenoidteam.com հասցէին կամ (954) 646-0944 begin_of_the_skype_highlighting (954) 646-0944 end_of_the_skype_highlighting թիւին։
http://www.yerakouyn.com/?p=119602
Leave a Reply